«Սթրաթֆոր»ը Արցախը Ներառած Է Իրողապէս Անկախ Պետութիւններու Շարքին

Հայաստան

Ամերիկեան «Սթրաթֆոր» (Stratfor) մասնաւոր վերլուծական ընկերութիւնը իր կայքին վրայ ծաւալուն կերպով կ՛անդրադառնայ աշխարհի անկախ, ինչպէս նաեւ տակաւին չճանչցուած պետութիւններուն, որոնց շարքին ներառած է նաեւ Արցախը, կը հաղորդէ “Թերթ”-ը:

«Աշխարհի վրայ քանի՞ երկիրներ կան. այս հարցումին ճիշդ պատասխանելու համար նախեւառաջ պէտք է հասկնալ «երկիր» բառին սահմանումը: Ըստ ՄԱԿին՝ աշխարհի վրայ կան 195 անկախ պետութիւններ, որոնցմէ 193ը ՄԱԿի անդամ է, իսկ 2ը՝ Վատիկան եւ Պաղեստին, դիտորդ պետութեան կարգավիճակ ունին», կը գրէ աղբիւրը:

Սակայն աշխարհի քարտէսին վրայ կան վիճելի տարածքներ, որոնք մասամբ ճանչցուած են:  «Ինչ կը վերաբերի ՄԱԿի անդամ երկիրներու կողմէ չճանչցուած, սակայն տը-ֆաքթօ անկախ պետութիւններուն, անոնք են՝ Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղ), Թրանսնիսթրիան եւ Սոմալիլենտը», կը շարունակէ աղբիւրը՝ աւելցնելով, որ 2014էն ի վեր այս ցանկը համալրելու յաւակնութիւն ունին նաեւ Լուկանսքի եւ Տոնեցքի ինքնահռչակ հանրապետութիւնները: