Խումբ Մը Քոնկրեսականներ Հայաստան Պիտի Այցելեն

Աշխարհ, Հայաստան

  Ապրիլ 17-19, Հայաստան պիտի այցելէ ամերիկացի քոնկրեսականներու պատուիրակութիւն մը, որուն մէջ կան՝ Տէյվիտ Փրայս, Վըրն Պիւքենըն, Տինա Թայթըս, Մայքըլ Քանըուէյ, Կերի Քանըլին, Էտրիըն Սմիթ, Պարպարա Լի եւ Թերի Սիուըլ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի աղբիւրներուն համաձայն՝ ամերիկեան պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան գործադիր ճիւղի պաշտօնատարներու եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներու, քաղաքացիական հասարակութեան ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Կը նախատեսուի նաեւ քննարկում Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի ուսանողներու հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ Ս. Էջմիածին:

Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն է Ներկայացուցիչներու տան Ժողովրդավարական գործընկերութեան յանձնախումբին եւ Հայաստանի Ազգային ժողովին միջեւ համագործակցութեան ուղիներու քննարկումը:

Պատուիրակութեան անդամները Ներկայացուցիչներու տան Ժողովրդավարական գործընկերութեան յանձնախումբի անդամներ են։