Լիոն Եւ Տեսին 22,650 Եուրօ Հանգանակեցին Վալանսի Դպրոցին Համար

Սփիւռք

Տեսինի եւ Լիոնի հայ համայնքներէն շուրջ 40 հոգի քով-քովի եկած էին 6 Ապրիլին, Վալանսի ֆրանսական-հայկական դպրոցի շինութեան զօրակցելու համար։

Հաւաքոյթը, զոր կազմակերպած էր Տեսինի Հայ մշակոյթի տունը՝ գործակցութեամբ Վալանսի ֆրանսական-հայկական դպրոցի յանձանձման ընկերակցութեան (AGEFAV) եւ Վալանսի հայ մշակոյթի տան (CCAV), տեղի ունեցաւ Տեսինի Հայ յուշագրութեան կեդրոնի «Արա» ճաշարանին մէջ:

Այս առթիւ ներկայ էր Ռոնի երեսփոխանուհի Տանիէլ Ղազարեան (Ազգային ժողովի Մշակութային եւ կրթական հարցերու յանձնախումբի անդամ), որ հաստատեց իր զօրակցութիւնը սոյն ծրագիրին, ընդգծելով Ֆրանսայի մէջ ֆրանսական-հայկական երկլեզու դպրոցներու կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով հայ ժողովուրդի պատմութիւնը:

CCAV-ի համանախագահ Անտրէ Հասպանեան (շինարարական աշխատանքներու ղեկավար) եւ AGEFAV-ի նախագահ Համբիկ Յովսէփեան բացատրեցին, թէ ինչպէս ծնունդ առած է ծրագիրը, մանրամասնութիւններ տուին Յունուար 2019ին սկսած շինարարական աշխատանքներուն մասին, որ կարելի դարձած է շնորհիւ լիբանանահայ բարերար Գէորգ Արապեանի նուիրած 700,000 եուրօ գումարին: Տեսինի Հայ մշակոյթի տան նախագահուհի Սարահ Թանզիլլի հայ համայնքը հրաւիրեց առատաձեռնութեան՝ շեշտը դնելով հայ մշակոյթի զարգացման եւ Սփիւռքի ապագայի տեսանկիւնէն՝ հայկական երկլեզու վարժարաններու կարեւորութեան վրայ:

Երեկոյթը վերջ գտաւ CCAV-ի համանախագահ, Լիոնի Մարգարեան-Փափազեան դպրոցի եւ Ալֆորվիլի Գէորգ Արապեան միջնակարգի հիմնադիր Նորվան արք. Զաքարեանի ելոյթով, որմէ ետք հանգանակուեցաւ 22,650 եուրօ: