Հայրենի Գեղանկարիչ Աշոտ Յարութիւնեանի Գեղանկարներու Անհատական Ցուցահանդէսը Պէյրութի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` Հինգշաբթի, 11 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Աշոտ Յարութիւնեանի գեղանկարներու անհատական ցուցահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 22 իւղաներկ պաստառներ, 9 «միքստ միտիա» թուղթի վրայ եւ 2 տախտակ դուռեր` վրան գծագրուած:

«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ արուեստը կատարեալին ձգտումը ունենալով հանդերձ, ունի յաջողութեան գերագոյն գաղտնիք մը, որուն հաւատարիմ մնալը  դժուար ճիգ ու կամք կ՛ենթադրէ, բայց այդ գաղտնիքը նուաճելու համար մարդ պէտք է ըլլայ հանճարեղ ու ինքնավստահ: Ան յայտնեց, որ գեղանկարչութեան մարզին մէջ այդ գաղտնիքը պարզութիւնն ու անկեղծութիւնն է, որ առիթ կու տայ արուեստագէտին ներթափանցելու մարդկային ու բնութեան աշխարհին խորքը` վերածնելու հարազատը եւ թափանցելու մեր էութեան մէջ:

Տաղլեան ըսաւ, թէ Աշոտ Յարութիւնեան սնած ու կազմաւորուած է հայոց աշխարհի հարստութիւններով: Ան իրեն հետ բերած  է հայրենի հարազատ հողին բոյրը, հայկական գիւղի թէկուզ հեռաւոր, բայց ապրող ու կենսաշող մթնոլորտը: Ան կը ներկայացնէ հայկական գիւղի լռութիւնն ու ջինջ երկինքը, մեզի կը ներկայացնէ նաեւ մեր գրաւեալ հողերու երազը` զայն փորագրելով մեր սրտերուն մէջ:

«Իր գործին նկատմամբ յատուկ գուրգուրանքով ու արուեստասէրին նկատմամբ ցուցաբերած յատուկ յարգանքով, նկարագիրով, որքան համեստ նոյնքան խորքային Աշոտ Յարութիւնեան, ահաւասիկ իր պաստառներով կը խօսի, կը համակէ ու կը պարուրէ մեզ յաւելեալ հայկականութեամբ ու կենսալից թռիչքով», հաստատեց Տաղլեան` աւելցնելով, որ ան մարդկայինը եւ ազգայինը իրարու հետ հարազատօրէն շաղախած հարուստ համակցութիւն մը կ՛ապրեցնէ իր պաստառներով, կը փորձէ անցեալը կամրջել ներկային ու նայիլ միշտ դէպի հեռուն, դէպի լուսաշող ապագան, դէպի մեր ամբողջական հայրենիքը:

Աշոտ Յարութիւնեան իր կարգին խօսք առնելով յայտնեց, որ շատ ուրախ եւ յուզուած է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ կը ներկայացնէ իր գործերը: Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց  Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմին, յատկապէս  ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին, որոնք իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերեցին ցուցահանդէսի կազմակերպման աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2019, եւ բաց է առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30: