Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Հայաստան, Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ շարք մը հարցեր քննարկելու Հայաստանի ներկայ կացութեան, Արցախի, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան, Լիբանանի, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին վերջերս Հալէպ կատարած հովուապետական այցելութեան առնչուած: