Նիկոլ Փաշինեան ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ընդգծեց ԼՂ Հիմնահարցի Կարգաւորման Բանակցային Գործընթացին Մէջ Արցախի Վերադարձին Կարեւորութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանի լիագումար նիստին ընթացքին, ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման բանակցութիւններու սեղան Արցախի վերադարձին կարեւորութիւնը: Ըստ Armenpress.am-ի` Փաշինեան նշեց, որ չի կրնար խնդիրը լուծուիլ, առանց Արցախի մասնակցութեան:

«Մեր ընկալումով, այսօր կայ կարեւորագոյն քանի մը հարց, որոնց պէտք է պատասխանենք խաղաղութեան օրակարգը օրինական առումով զօրացնելու համար, եւ այդ հարցերէն մէկը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի լիարժէք գործարկումն է, որ կ՝ենթադրէ նաեւ ԼՂ ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, որովհետեւ շատ դժուար է հասկնալ, թէ ինչպէս մենք կը պատրաստուինք հարցը կարգաւորել, առանց խնդրի առաջնային եւ հիմանական կողմը լսելու, առանց անոր հետ խօսելու: Մեր քայլերը ուղղուած են անոր, որ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ վերականգնենք երկխօսութիւնը Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ: ԼՂ-ի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած է նաեւ ուղիղ հանդիպում, այդ փորձը եղած է: ԼՂ ընտրուած ներկայացուցիչները շատ երկար ժամանակ, եւ ըստ էութեան միշտ ներգրաւուած եղած են բանակցային գործընթացին մէջ: Սովորաբար կ՝ըսեն, որ մինչեւ 1998, բայց ես կրնամ ըսել, որ մինչեւ 2018թ. Ղարաբաղի ներկայացուցիչները ներկայ եղած են բանակցային գործընթացին մէջ: Ռոպերթ Քոչարեանը Հայաստանի նախագահ դառնալէն առաջ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած նախագահը, այնուհետեւ Սերժ Սարգսեանը ներկայացուցած Հայաստանը, բայց ան եղած է նաեւ Ղարաբաղի առաջնորդներէն մէկը, եւ մենք, ըստ էութեան, ունինք վիճակ մը, երբ Լեռնային Ղարաբաղը բանակցային ողջ գործընթացին ընթացքին ներկայացուած եղած է բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Եւ մեր խնդիրն է այսօր ստեղծել պայմաններ, որ այդ երկխօսութիւնը ԼՂ-ի ու Ատրպէյճանի միջեւ չընդհատուի, եւ ասիկա շատ կարեւոր պարտաւորութիւն է»,- ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետը կարեւոր համարեց նաեւ իր ու Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութիւնները:

«Վերջին շրջանին խաղաղութեան բանաձեւը կեանքի կոչելու առաջարկներ ներկայացնելը մեր ատրպէյճանցի գործընկերներուն, եւ հանրութեան, մեր ամենակարեւոր ընելիքներէն մէկն է, եւ ես ուրախ եմ, որ մենք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կրցած ենք բաւական ուղիղ, անկեղծ, ազնիւ եւ կառուցողական խօսակցութիւն ծաւալել: Ցաւօք, դեռ ընդհանուր պատկերացումներ չունինք Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման նրբութիւններու կառուցակազմերուն մասին, բայց այն, որ մենք կրցած ենք կառուցողական, անկեղծ քննարկման մթնոլորտ ստեղծել, ատիկա արդէն իսկ բաւական լաւ է»,- նշեց Փաշինեան: