Բակօ Սահակեան Մասնակցած է Ապրիլեան Պատերազմի Նահատակներու Յիշատակի Հոգեհանգստեան Պաշտօնին

Հայաստան

Այսօր` Ապրիլ 5-ին, Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ` ի խաղաղութիւն Ապրիլեան պատերազմի նահատակներու հոգիներուն:

Հոգեհանգստեան կարգին ներկայ եղած են ԱՀ Նախագահ Բակօ Սահակեան, պաշտօնատար այլ անձիք, զինուորականներ:

«Արցախփրես»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ` հոգեհանգստեան կարգին Պարգեւ արք․ Մարտիրոսեան ըսած է, որ երեք տարի առաջ հերթական անգամ Ատրպէյճան նենգաբար խախտած է իր խոստումը` զինադադարը, եւ սկսած լայնածաւալ պատերազմի:

«Մեզի մնաց միայն մէկ ելք` պաշտպանել մեր կեանքը, պատիւը եւ ազատութիւնը, այն շնորհը, որ Աստուած տուած է ամէն մարդու եւ ամէն ազգի: Ապրիլեան պատերազմին ունեցանք 100-էն աւելի զոհեր: Ոմանք ալ խոշտանգուեցան իրենց տուներուն մէջ: Սակայն, ի փառս Աստուծոյ, մեր բանակը փայլուն կատարեց իր յանձնարարականը` պաշտպանելով մեր երկիրը, հուժկու հարուած տալով հակառակորդին:

«Մեզի համար ամէն մէկ կորուստ շատ ցաւալի է: Անոնք այսօր մեր կողքին չեն, սակայն երկինքի մէջ միացած են հրեշտակներուն ու սուրբերու դասին եւ այնտեղ իրենց աղօթքով աւելի կը հզօրացնեն մեր երկիրը: Նոր ոգի մը կը ներշնչէ մեզի` շարունակելու մեր արդար եւ ազնիւ պահանջը` մեր սրբազան պայքարը: Թո՛ղ Աստուած օրհնէ հայոց հայրենիքս, ժողովուրդս, բանակս»,- մասնաւորապէս նշած է Պարգեւ Սրբազան:

«Արցախփրես»-ին հետ զրոյցի ընթացքին ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ըսած է, որ մենք վերապրեցանք ծանր փորձութիւն, սակայն ան անձնազոհութիւնը, նուիրուածութիւնը եւ հերոսութեան բազմաթիւ օրինակները, որոնք ունեցանք 2016-ի Ապրիլին, կը հաստատեն մեր ազգային միասնականութիւնը, հայոց բանակի ոգին եւ անսասան ուժը: