Թուրք Ոստիկանները Գանձագողերու Մօտ Հայ Արքայի Մարմարէ Արձան Յայտնաբերած են

Աշխարհ

Թուրքիոյ մէջ, ոստիկանները, ահազանգի հիման վրայ, յայտնաբերած են Կոմմագենէի հայ արքայ Անտիոքոսի մարմարէ արձանը գրութիւնով։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Sabah-ը։

Ոստիկանները Պալըքեսիր նահանգին մէջ կանգնեցուցաց են դէպի Չանաքքալէ ուղեւորուող մարդատար մեքենայ մը եւ խուզարկութեան ժամանակ յայտնաբերած են Կոմմագենէի հայոց արքայ Անտիոքոսի մարմարէ արձանը՝ «Կոմմագենէի թագաւորութեան արքայ Անտիոքոսի վերջին հանգրուանը» գրութեամբ։

Մասնագէտները յիշեալ արձանը գնահատած են 250 հազար եւրօ։