Կարգավիճակի Համազգային Առաջադրանքը Անխախտ Պահելու Հրամայական

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Արցախի խորհրդարանական կուսակցութիւններու միացեալ յայտարարութիւնը, ըստ էութեան կոչ է ընտրական նպատակներով Արցախի կարգավիճակի առումով կատարուող հրապարակումներու ընթացքին կարմիր գիծերը չհատելու:

Տեղական ինքնակառավարման եւ համապետական ընտրութիւններու նախօրեակին, օրինաչափ է ժողովրդավար հասարակարգ ունեցող երկիրներու համար, կատարել երբեմն զգայացունց յայտարարութիւններ, մեղադրանքներ, ներկայացնել դատական յայտեր` չէզոքացնելու համար մրցակիցը կամ գերմրցունակ երեւնալու համար իբրեւ թեկնածու: Բանավէճեր, յատուկ հարցազրոյցներ, լրատուադաշտի մէջ գերաշխուժ ներկայութիւններ` այս բոլորը ընտրութիւններուն նախօրեակին ընթացիկ միջոցներ են, որոնց կը դիմեն մասնակցող կուսակցութիւններն ու անհատները:

Ժողովրդավար երկիրներու մէջ շատ կարեւոր առաւելութիւն կը նկատուի, երբ ընտրական գործընթացները կ՛ընթանան քաղաքակիրթ ոճով, հիմնաւորեալ, բազմակարծութեան հարթակները համակողմանիօրէն օգտագործելով:

Արցախը, ժողովրդավարական չափորոշիչներ ճշդող կառոյցներու իսկ հաստատումով, տարբեր փուլերու միշտ դրսեւորած է օրինակելի ժողովրդավարական մասնակցութիւն:

Այստեղ արդէն սուր քաղաքական հնչեղութիւն կը ստանայ խնդիրը: Արցախեան ժողովրդավարութիւնը յատկապէս եւրոպական չափանիշներով եւ դիտարկումներով սուր կերպով կը հակադրուի ազրպէյճանական բռնատիրութեան: Այս իրողութիւնը տարբեր հանգամանքներու առընթեր կը նպաստէ հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներու անհամատեղելիութիւնը ներկայացնող թղթածրարի հարստացման, մանաւանդ որ ուղղութիւնը  զգայուն  կարգախօսային առաջադրանք է եւրոպական շրջանակներուն համար:

Արցախի` Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւական կցումի պահանջը յայտարարելէ առաջ քաղաքական որեւէ շրջանակ անպայման պէտք է հաշուի առնէ միջազգային ընտանիք-հայկական կողմ այսօրուան գոյութիւն ունեցող իրականութիւնը` յատկապէս բանակցային գործընթացի ընդհանուր շրջանակներուն մէջ: Պարզ է, որ պաշտօնական Երեւանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը կամ կցումի պահանջը բանակցային գործընթացէ հրաժարումի համազօր արարք է: Երեւանը մինչ այժմ ունի առաւել միջազգային ընտանիքին նկատմամբ կառուցողական դիրքեր պահելու, ի հակադրութիւն Պաքուին, որ տարբեր փուլերու ցուցաբերած է մերժողական եւ ապակառուցողական պահուածք:

Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին արձանագրած փաստերը` հանրաքուէով ժողովրդավար եղանակի յարգումով ամրագրուած եւ ներկայացուող միջազգային ընտանիքին, այսօր ունին թէ՛ ռազմավարական եւ թէ՛ մարտավարական նշանակութիւն: Ինքնորոշման փաստի, հանրապետութեան հռչակման եւ անոր անկախութեան միջազգայնացման երթը ներկայ պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է, որ մնայ գերակայ ուղղութիւն:

Նոյնպէս եւ աւելի Արցախի այս կամ այն պետութեան թէկուզ ժամանակաւոր հոգատարութեան յանձնելու առաջադրանքները կարելի չէ ընկալել ժողովրդավարական բազմակարծութեան սահմաններուն մէջ: Միեւնոյն ժողովրդավարական հասկացողութիւնը իբրեւ երկրի կարգավիճակի պատկերացում կը յենի ամէնէն ժողովրդավար եղանակով կատարուած ամրագրումներուն, այս պարագային` հանրաքուէի արդիւնքներուն:

Եւ հանրաքուէ ըսելով պէտք է ընկալել թէ՛ անկախութեան հռչակումը եւ թէ՛ Սահմանադրութեան որդեգրումը, ուր յստակ կ՛արտացոլայ ժողովուրդի կամարտայայտութիւնը:

Արցախը թէ միջազգային շրջանակներու եւ թէ՛ ներազգային հարթութիւններու վրայ ետդարձ չի կրնար կատարել առայժմ Հայաստանին կցուելու կամ ալ այլ պետութեան ժամանակաւոր հոգատարութեան տակ գոյատեւելու առումով:

Որքան ալ մեր համազգային գիտակցութեան մէջ Արցախը անբաժանելի մասն է ամբողջական հայրենիքին, այսօր գոյութիւն ունին միջազգային հանրութեան հետ յարաբերելու եւ ժողովրդավար կարգերով հաստատուած արցախահայութեան  ինքնորոշման իրաւունքն ու փաստերը անհպելի պահելու սկզբունքային մօտեցում եւ հետեւաբար այդ բոլորը հաշուի առնելու պարտադիր իրողութիւններ: