Վրաստանի Նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի Այցելեց ԹՈՒՄՕ Երեւան

Աշխարհ, Հայաստան

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին 13 Մարտին այցելեց Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնը եւ ծանօթացաւ անոր կրթական ծրագիրին:

Վրաստանի նախագահը Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան  նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի ուղեկցութեամբ շրջեցաւ կեդրոնի զանազան բաժինները:

ԹՈՒՄՕի զարգացման գծով տնօրէն Բեկոր Փափազեան Վրաստանի նախագահին ներկայացուց ընթացիկ նախագիծերը:

«Վրաստանի մեր նոր արհեստագիտութեան ամբողջութեան մէջ «սթարթափ»ներու միջավայրի համակարգ ունինք, եւ ԹՈՒՄՕի նման նախագիծ մը հիանալի լրացում կրնայ հանդիսանալ», նշեց նախագահ Զուրապիշվիլի: