Երեւանցիներուն Կեանքի Որակը Աւելի Լաւ Է Քան Թիֆլիսի Եւ Պաքուի Բնակիչներունը

Հայաստան

Mercer միջազգային խորհրդատուական ընկերութիւնը հրապարակած է աշխարհի քաղաքներու վարկանիշը՝ ըստ կեանքի որակի: Ըստ սոյն վարկանիշին՝ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը յառաջ անցած է Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսէն եւ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուէն:

Այս վարկանիշով, Երեւան կը գրաւէ 170-րդ հորիզոնականը: Թիֆլիս 187-րդ հորիզոնականին վրայ է, իսկ Պաքուն՝ 195րդ: Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանը 199-րդ հորիզոնականին վրայ է:

Վարկանիշը կազմելու համար Mercer միջազգային խորհրդատուական ընկերութեան մասնագէտները նկատի առած են բնակարանային պայմանները, սպառողական ապրանքներու առկայութիւնը, հասարակական փոխադրամիջոցները, ընկերային-քաղաքական եւ մշակութային վիճակը, զուարճանքներու գոյութիւնը, կրթութիւնը, բնական պայմանները եւ տնտեսութեան վիճակը: