Մահացած է Իրանի Արձանագործութեան Մայր Համարուող Լիլիթ Տէրեանը

Սփիւռք

Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդարակը կը տեղեկացնէ․

Խոր վշտով համակուած կը յայտնենք Իրանի արձանագործութեան մայր, իրանահայ արձանագործ, քանդակագործ եւ արւեստագէտ՝  ԼԻԼԻԹ ՏԷՐԵԱՆի ցաւալի մահը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մարտ 7-ին:
Նախագահութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. արք. Սարգսեանի եւ մասնակցութեամբ՝ քահանայից դասի, թաղման կրօնական արարողութիւնը կատարւելու է Շաբաթ, Մարտ 16-ին, կէսօրուան ժամը 12-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալի մարմինը պիտի ամփոփուի Նոր Բուրաստան գերեզմանատուն մէջ:
Ցաւակցութիւնները տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ մէջ, գերեզմանատունը եւ Հ. Ուս. «Չհարմահալ» միութեան սրահին մէջ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ