«Կ՝ուզեմ Իրեն Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Յիշեցնել». Իսրայէլի Վարչապետի Որդին՝ Էրտողանին

Աշխարհ

Իսրայէլի վարչապետի որդին՝ Եաիր Նեթանիահուն, Twitter-ի իր էջին վրայ կատարած է աղմկայարոյց գրառում, որ ուղղուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Գրառումը եղած է, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն հերթական անգամ փոխադարձ մեղադրանքներ հնչեցուցած են իրարու հասցէի:

«Ես կ՝ուզեմ յիշեցնել իրեն (Էրտողանին-խմբ.) այն ցեղասպանութիւնը, որ իրականացուցած է Թուրքիան յոյներու, ասորիներու եւ հայերու դէմ։ Անոնք (թուրքերը) Փոքր Ասիան մաքրած են բոլոր քրիստոնեաներէն։ Ես անոր նաեւ պիտի յիշեցնեմ, որ Սթամպուլի իրական անուանումը Կ. Պոլիս է։ Նախքան թուրքերուն գրաւումը, անիկա Բիւզանդիոյ մայրաքաղաքն էր եւ ուղղափառ քրիստոնէութեան կեդրոնը՝ հազար տարիէ աւելի»,- գրած է ան: