Ժամանակաւորապէս Կ՛արգիլուի Boeing B-737-MAX 8 եւ Boeing B-737-MAX 9 Տեսակի Օդանաւերու Շահագործումը ՀՀ Օդային Տարածքին մէջ

Հայաստան

Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն արգիլած Boeing B-737-MAX 8 եւ Boeing B-737-MAX 9 տեսակի օդանաւերու շահագործումը ՀՀ օդային տարածքին մէջ, յայտարարածած է իր տարածած հաղորգարութեամբ։

«Հաշուի առնելով Եւրոպական օդագնացութեան անվտանգութեան գործակալութեան կողմէ հրապարակուած անվտանգութեան տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով շարք մը պետութիւններու` որոնց մէջ Թուրքիոյ եւ Վրաստանի օդային տարածքներու մէջ Boeing B-737-MAX 8 եւ Boeing B-737-MAX 9 տեսակի օդանաւերու շահագործումը արգիլող NOTAM-ները, Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն, ուսումնասիրելով ստեղծուած իրավիճակը, եւ համարելով թռիչքային անվտանգութիւնը որպէս առաջնահերթութիւն, կ՛որոշէ սոյն թուականի Մարտ 13-էն մինչեւ Ապրիլ 13 արգԻլել Boeing B-737-MAX 8 եւ Boeing B-737-MAX 9 տեսակի օդանաւերՈՒ շահագործումը ՀՀ օդային տարածքին մէջ,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Եթովպիոյ մէջ ջախջախուած էր Boeing 737 Max 8 օդանաւը, որուն մէջ եղած 157 հոգին զոհուած էին: