Արցախը Որպէս Երրորդ Կողմ Պէտք է Մասնակցի ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Բանակցային Գործընթացին. Արցախի ԱԳ Նախարար

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ  յառաջընթաց չի տեսներ:

Այս մասին Մայիլեան ըսած է Մարտ 13-ին` ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչակի հետ հանդիպումէն ետք:

«Գործող նախագահին ներկայացուցած ենք մեր տեսակէտները, հիմնաւորած ենք, թէ ինչու Արցախը որպէս երրորդ կողմ պէտք է մասնակցի ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին, որ տեղի պիտի ունենայ ապագային։ Եթէ Արցախը չմասնակցի բանակցութիւններուն, ապա մենք որեւէ յառաջընթաց չենք կրնանք ունենալ»,- ըսած է նախարարը:

Մասիս Մայիլեան նշած է, որ կարեւոր կը համարէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումները, եւ ատոնք պէտք է շարունակական ըլլան: