Լիանա Բաղասրեանին «Օրագիր»-ը Լիբանանի Մէջ` Նարեկ Դուրեանի Ու Անոր Խումբին Ընդմէջէն… Սպանդ Ու Վերապրում

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ն. Բարսեղեան

«Մատղաշ սիրտդ չի դիմանար»…

Նախադասութիւն մը, որ յուզիչ ու բովանդակալից ուժգնութեամբ կը հնչէ Սումկայիթի ու Պաքուի ջարդերուն մասին Լիանա Բաղասրեանի անձնական օրագրութեան հիման վրայ շաբաթ, 9 Մարտի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Նարեկ Դուրեանի կողմէ բեմադրուած «Օրագիր» փաստավաւերագրական թատերախաղին գրեթէ աւարտին:

Կարճ նախադասութիւն մը, սակայն շատ խորիմաստ եւ հայոց նորագոյն պատմութեան մէկ կարեւոր փուլին մասին արտայայտուած` Սումկայիթի մէջ ազրպէյճանցիներու բռնութիւններուն ենթարկուած եւ իր ամուսինը կորսնցուցած կնոջ մը շրթներէն: Անիկա ուղղուած է «Օրագիր»-ի հեղինակ Լիանային եւ անոր երկու ընկերուհիներուն` Ռուզանին ու Մարկարիթային, որոնք, խուճապով եւ տագնապահար, հիւանդանոց եկած են օտարութեան մէջ նեցուկ կանգնելու Սումկայիթ-Պաքու ճամբուն վրայ բռնաբարուած եւ ստոյգ մահէն փրկուած իրենց չորրորդ ընկերուհիին` Ալվիտային, որ բաւական ծանր կացութեան մէջ է, եւ որ համտեսած է թշնամիին ստոր վերաբերումը: Հայ կինը այս նախադասութեամբ կը պատասխանէ աղջիկներուն, երբ անոնք կը խնդրեն պատմել հիւանդանոցի միւս սենեակներուն մէջ բազմապիսի տանջանքներու ենթարկուած հայերուն մասին, որոնք զոհերն են հայատեացութեան, ազրպէյճանցիներու բարբարոսութեան: Ան բոլորին մասին չի պատմեր, սակայն այս նախադասութեամբ տիրող վիճակը կ՛ամփոփէ լաւագոյն ու պատկերաւոր ձեւով:

Երեք աղջիկները Հայաստանի գիւղական շրջաններէն գացած են Պաքու` ուսանելու, ուր կը ծանօթանան Ղարաբաղէն եկած Ալվիտային եւ կը դառնան մտերիմներ: Դերասանները վարպետութեամբ եւ հարազատութեամբ մարմնաւորեցին տարբեր նկարագիրներու տէր ուսանողուհիները, որոնք համալսարանին մէջ իբրեւ ընկեր կ՛ունենան ազրպէյճանցի երիտասարդներ…

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին կազմակերպութեամբ ու հրաւէրով Լիբանան գտնուող Նարեկ Դուրեանն ու անոր խումբը տպաւորիչ կերպով եւ դերասանական հմտութիւններով հանդիսատեսը փոխադրեցին տարբեր տեղեր, ուղղեցին զանազան պատգամներ, անդրադարձան պատմական իրականութիւններու, լուսարձակի տակ առին ազրպէյճանական ծիծաղելի խեղաթիւրումները արեւու նման պարզ իրականութիւններու, ազրպէյճանցիներուն ցեղապաշտական-հայատեաց մօտեցումները, բեմ բարձրացուցին հայութեան ապրած սպանդն ու տառապանքը, նաեւ ու անպայման` վերապրումը, իր արժէքներուն կառչիլը, հայութեան պահանջատիրական մնայուն պայքարը, սիրոյ անմեղութիւնը, աղջիկներուն արդար երազները, արցախեան շարժումն ու ազատագրական պայքարը… Հայը` իր տագնապներով, հոգեկան վերիվայրումներով, ցաւերով ու տենչերով, սակայն միշտ կրկին ոտքի կանգնելու, վերապրելու եւ շարունակելու կամքով:

Նարեկ Դուրեանն ու անոր գուրգուրանքով, քաջալերանքով ու հովանիին տակ կազմաւորուած նախկին աշակերտներն ու ներկայի գործակիցները` Թամարա Պետրոսեան, Սիրանուշ Երիկեան, Տաթեւ Միրումեան, Ռուզաննա Մանուչարեան, Քրիստինա Յովհաննիսեան, Գարիկ Միրզոյեան, Թելման Առաքելեան եւ Արտակ Մանուկեան  անգամ մը եւս կրցան տպաւորել լիբանանահայ հանդիսատեսը, զայն տանիլ իրենց հետ` Հայաստան, Արցախ, Պաքու, Սումկայիթ, Ֆրանսա եւ սփիւռք, ստեղծել տարբեր կացութիւններ, որոնց ընդմէջէն ծնունդ կ՛առնեն թատերական խօսուն պատկերներ:

Բեմադրութեան եւ դերասանութեան կողքին խումբը ինք յաջողութեամբ կատարած էր բեմի ձեւաւորումը, լուսաւորման ու ձայնի սարքաւորումը:

Արժէքաւոր «Օրագիր» մը, որ թերեւս դատապարտուած ըլլար  մոռացութեան մատնուելու, եթէ անոր հեղինակը յանդգնութիւնը չունենար զայն դարակէն հանելու եւ յանձնելու արժանաւոր բեմադրիչին, որուն շնորհիւ «Օրագիր»-ը այսօր կեանք ստացած է ու դարձած պատգամ փոխանցող բարձրախօս: