Ատրպէյճան Արցախի Գրաւուած Տարածքներու Բնակեցման Քաղաքականութիւն Կ՝իրականացնէ. Արցախի ԱԳՆ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արտակ Ներսիսեան՝ News.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ մեկնաբանած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ յայտարարութիւնը, թէ Արաքսաւանի կառուցման ծրագիրը կը խախտէ Ժընեւի պայմանագրերը եւ անոնց Լրացուցիչ արձանագրութիւնները։

Մարտի սկիզբը՝ մեկնաբանելով Արցախի հարաւը Արաքսաւան բնակավայրի կառուցման ծրագրերը՝ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն այդ քայլը որակած է իբրեւ Ժընեւի պայմանագրերու եւ անոնց Լրացուցիչ արձանագրութիւններու խախտում։ Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պնդումով՝ Արաքսաւանի մասին յայտարարութիւնները «ակնյայտ յարձակում են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիի ներքոյ ընթացող երկարամեայ բանակցային գործընթացին վրայ»։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ատրպէյճանական կողմի նմանատիպ յայտարարութիւնները հարցին ի պատասխան՝ Արտակ Ներսիսեան ըսած է, թէ

Ատրպէյճանի ԱԳՆ մեկնաբանութիւնը ուրիշ բան չէ, քան ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ առկայ իրավիճակի համար իր պատասխանատւութիւնն ուրիշի վրայ բարդելու փորձ։

Ան նշած է, թէ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին առաւել մեծ վնաս կը հասցնեն ատրպէյճանական կողմի ապակառուցողական մօտեցումները բանակցային գործընթացին շուրջ, հրադադարի միջազգային վերահսկողութեան լիարժէք մեքենականութիւններու ներդրման մերժումը, հասարակութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու չկամութիւնը, հասարակական խաղաղարար նախաձեռնութիւններու տապալումը, պատերազմի քարոզչութիւնը, հայատեացութեան արմատաւորման ուղղուած պետական քաղաքականութիւնը, հայերու հանդէպ ատելութեան հողի վրայ կատարուող յանցագործութիւններու խրախուսումը, Արցախի մեկուսացման փորձերը եւ այլն։

«Նոյնչափ մերկապարանոց են նաեւ ատրպէյճանական կողմի մեղադրանքները Ժընեւի պայմանագրերու եւ անոնց Լրացուցիչ արձանագրութիւններու խախտման մասին։ Այդ հարցը շատոնց պաշտօնական Պաքուի կողմէ ինչպէս բազմաթիւ շահարկումներու առարկայ դարձած է, այնպէս ալ բազմիցս հերքուած է:

Արաքսաւանի հարցը պէտք է դիտարկուի Արցախի գրաւուած տարածքներէն եւ Ատրպէյճանէն հայ ներքին տեղահանուածներու եւ փախստականներու մարդու իրաւունքներու եւ կեանքի համար արժանապատիւ պայմաններու ապահովման անհրաժեշտութեան տեսանկիւնէն։ Այդ մարդիկ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ուժային լուծման քաղաքականութեան ծիրէն ներս՝ ատրպէյճանական ղեկավարութեան կողմէ իրականացուած ցեղական զտումներու եւ տեղահանութեան զոհ դարձած են։ Ատրպէյճանէն եւ Արցախի գրաւուած տարածքներէն հայ փախստականներու եւ ներքին տեղահանուածներու կողմէ բնակութեան նոր տարածքներու վրայ հաստատուիլը չի կրնար քննադատութեան առարկայ հանդիսանալ՝ հաշուի առնելով նաեւ, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները ոչ միայն հրաժարած են նիւթական եւ բարոյական վնասի փոխհատուցում վճարելէ անոնց, այլեւ կը շարունակեն խախտել անոնց իրաւունքները՝ խոչընդոտելով փախստականներու հարցերով զբաղող միջազգային մասնագիտացուած կազմակերպութիւններու Արցախ այցերը»,- ըսած է Ներսիսեան։

Անոր հաւաստիացումով՝ ընդհանուր առմամբ, Ժընեւի պայմանագրերու խախտման մասին Պաքուի մեղադրանքները աւելի քան կեղծ են, հաշուի առնելով այն փաստը, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները կ՝իրականացնեն Արցախի Հանրապետութեան գրաւուած տարածքներու, մասնաւորապէս, Շահումեանի շրջանի եւ Մարտակերտի շրջանի մէկ մասի բնակեցման պետական քաղաքականութիւն։