Թուրքիոյ Քաղաքական Գործիչներու Գրառումները` Պատրիարք Մութաֆեանի Վախճանման Առիթով

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, քաղաքական գործիչներ Պոլսոյ 84-րդ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի վախճանման առիթով ցաւակցական գրառումներ կատարած են Twitter-ի իրենց պաշտօնական էջերուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ  Ermenihaber.am-ը։

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ, խորհրդարանի նախկին նախագահ, Մարտ 31-ի ՏԻՄ ընտրութիւններուն Պոլսոյ քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Պինալը Եըլտըրըմ գրած է.

«Այցելեցինք ցաւակցելու կեանքէն հեռացած թրքահայոց պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի մօրը` Մարի Մութաֆեանին եւ Յէտիքուլէ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուին: Անոնց համբերութիւն կը մաղթենք»:

Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն գրած է, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի վախճանման առիթով կը ցաւակցին անոր ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր հայ համերկրացիներուն:

Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (AKP-ԱԶԿ) հայ պատգամաւոր Մարգար Եսայեանի գրառման մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Ծանր եւ երկարատեւ անբուժելի հիւանդութեան դէմ պայքարող թրքահայոց պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան Բ-ը վախճանեցաւ Մեծ Պահքի առաջին Ուրբաթ օրը: Ես անոր աշակերտն էի: Շատ արժէքաւոր հոգեւորական եւ մտաւորական էր: Աստուած հոգին լուսաւորէ»:

Գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» կողմէ Պոլսոյ քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Էքրեմ Իմամօղլուն նշած է. «Ցաւով իմացայ, որ վախճանած է որոշ ժամանակ բուժում ստացած Թրքահայոց պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը: Կը ցաւակցիմ ողջ հայ համայքին»:

Ընդդիմադիր, ազգայնական «Լաւ» (IYI) կուսակցութեան առաջնորդ Մերալ Աքշէները հետեւեալ ձեւով արձագանգած է:

«Թրքիահայոց պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը վախճանած է հիւանդանոցի մէջ: Ցաւակցութիւն կը յայտնենք անոր ընտանիքին եւ ծագումով հայ մեր բոլոր համերկրացիներուն»:

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, հայ Սէլինա Տողանի գրառման մէջ կը նշուի, որ Մութաֆեանը ոչ միայն հոգեւոր առաջնորդ էր, այլեւ խաղաղասէր ինքնութեամբ եւ մտաւորականի կերպարով կը փորձէր հայ համայնքը կապել աշխարհի հետ: