Ատրպէյճան Լայնածաւալ Ռազմափորձեր Կ՛իրականացնէ

Աշխարհ

 Մարտ 11-էն 15, Ատրպէյճանի բանակը կ՛իրականացնէ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ, որոնց կը մասնակցի մօտաւորապէս 10,000 զինուոր, կը հաղորդէ “Ռազմինֆօ՞-ն։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ ռազմափորձերուն կը մասնակցին մինչեւ 500 զրահապատ ինքնաշարժներ եւ տարբեր տրամաչափի 300 հրթիռային համակարգեր, նաեւ 20 ռազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ:

Զօրավարժութիւնը կ՛իրականանայ յարձակողական ծրագիրի մը բեմագրութեան հիման վրայ եւ «ենթադրեալ հակառակորդին հարուածներ կը հասցուին քանի մը ուղղութիւններէ, ճեղքելու համար անոր պաշտպանութիւնը եւ ջախջախելու անոր զօրամիաւորումները»։

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի եւս Ատրպէյճանի մէջ նման լայնածաւալ զօրավարժութիւններ տեղի ունեցած էին գրեթէ այս օրերուն։