«Կոմիտասը` Հայ Կերպարուեստի Մէջ» Նիւթով Ներկայացում Պէյրութի Մէջ

Սփիւռք

Մարտ 7-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի 147-րդ մամլոյ լսարանը, որ նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին, եւ որուն ընթացքին արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ներկայացուց Կոմիտասը` հայ կերպարուեստին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս լասարանին նիւթը աւելի ընդգրկուն է` Կոմիտաս վարդապետի տիպարին խորհրդանշականութեան բերումով, աւելցնելով. «Կոմիտաս վարդապետը բնութագրուած է իբրեւ հայ երգարուեստի Մեսրոպ Մաշտոցը, որ այդ երգարուեստը զտեց եւ հաւաքեց երգերը պարզ ժողովուրդի զաւակներուն շրթներէն»:

Օրուան զեկուցաբեր դոկտ. Մովսէս Հերկելեան նախ ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի  կենսագրական գիծերը, անդրադառնալով անոր մանկութեան, պատանեկութեան եւ ուսման տարիներուն` Քէօթահիայէն Էջմիածին, հասնելով Պոլիս, Պերլին եւ Փարիզ, յոյս յայտնելով, որ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները պատշաճ կերպով նշուին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:

Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ըսաւ, թէ ոչ մէկ հայ կերպար այսքան շատ չէ պատկերուած կամ քանդակուած, որքան Կոմիտաս վարդապետը: Անոր ներկայութիւնը շատ հարուստ է հայ կերպարուեստին մէջ` անոր մահէն մինչեւ այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ կը գտնենք Կոմիտասի նուիրուած քանդակներ, պատկերներ, արուեստի գործեր:

Հակիրճ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի երաժշտական ժառանգութեան հարստութեան: Դոկտ. Հերկելեան ըսաւ, թէ Կոմիտաս վարդապետի ձայնով 3 երգեր հասած են մեզի, որոնցմէ ամէնէն յստակը` «Մոկաց Միրզան» ունկնդրուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

Օրուան բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Կոմիտաս վարդապետին արժէքը` իբրեւ հայ մարդ եւ երաժիշտ, ներկայացնելով կարգ մը հայ եւ օտար դէմքերու վկայութիւններ անոր արժէքին եւ ընդհանրապէս ապրած կեանքին մասին, ընդգծելով, որ Կոմիտաս վարդապետը թրքացնելու ձախող փորձեր կատարուած են, մանաւանդ որ իր ծննդավայրին մէջ թրքախօսութիւնը տիրական էր եւ ան Էջմիածին մտնելէ առաջ եղած է թրքախօս, սակայն հետագային յօրինած է թրքերէն երգեր, որոնք եղած են հռչակաւոր: Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան գեղանկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանի յուշերէն պատմեց սուլթանի արարողապետին` Իսմայիլ Ջանանի հետ անոր եւ Կոմիտաս վարդապետին հանդիպումին մասին` ըսելով, որ թէեւ այդ օրերուն Կոմիտասը թրքացնելու փորձեր կային, սակայն Ջանան կսկիծով կ՛արտայայտուի` «ութ հարիւր տարուան պետութիւն մըն ենք եւ տակաւին նման հանճար մը չունինք»` ակնարկելով Կոմիտասին:

Ապա սահիկներու ցուցադրութեամբ դոկտ. Մ. Հերկելեան ներկաներուն ցոյց տուաւ Կոմիտասը մարմնաւորող ստեղծագործութիւնները` կերպարուեստագէտներու եւ քանդակագործներու կողմէ, անդրադառնալով իւրաքանչիւրի արուեստին եւ քանդակի  վայրին, նշանակութեան եւ մեծութեան:

Աւարտին դոկտ. Մովսէս Հերկելեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: