Սուրիա Մեկնած Հայ Սակրաւորներէն Մէկը Վնասուածք Ստացած է

Աշխարհ, Հայաստան

Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնելու ընթացքին, Մարտ 7-ին տեղի ունեցած է ականային պատահար մը, որուն պատճառով հայ մասնագէտներու խումբի սակրաւորներէն մէկը աջ ոտնաթաթի վնասուածք ստացած է: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։

Վիրաւորուած ականազերծողը շտապ տեղափոխուած է հիւանդանոց, ուր վիրահատուած է: Անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար: Ականազերծման աշխատանքները կը շարունակուին:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով՝  ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած խումբը 19 Փետրուարին, սկսաւ ականազերծման աշխատանքներու:

Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ մինչ օրս, հայ մասնագէտները ականազերծած են առաւել քան 10,510 քառ.մ. տարածք: Յայտնաբերուած եւ ոչնչացուած են հակահրասայլային եւ այլ տեսակի հարիւրաւոր ականներ, ռումբի չպայթած մասնիկներ: Մարդասիրական առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած բժիշկները, իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն Հալէպի ռազմական հիւանդանոցին եւ համալսարանական դարմանատուներուն մէջ:

18 Փետրուարէն ի վեր, հայ բժիշկները՝ սուրիացի գործընկերներու հետ հիւանդներուն մատուցեցին 50 վիրաբուժական եւ շուրջ 100 բժշկական օժանդակութիւն: Իրականացած է 160 դարմանատնային եւ կենսաքիմիական տարրալուծարանային հետազօտութիւն:

Նշենք, որ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւնը կը շարունակուի: