Հայաստանեան Վաղուան Օրագիրի Էջի Պէս

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ․ Պալեան

Պապս խոսում էր ինքն իր հետ՝
արագիլն էլ մարդ է։ Մարդու նման սիրել գիտէ։
Ռուբէն Յովսէփեան

Այսօր, 2 Մարտ, հակառակ դեռ տանիքներու վրայ հանգչած, փողոցներու անկիւնը եւ մերկ ծառերու վրայ յամառող ձիւնին, եւ ցուրտին, գարունը աւետող արեւով ողողուած էր Երեւանի երկինքը:

Հեռուն, լեռները, սպիտակի եւ լոյսի անսահմանութիւնը կը յուշէին, անտարբեր հեռատեսիլի կայաններու աղմուկին, մտահոգութիւն պատճառող լուրերուն, երկիր էր ու կար, եւ կեանքը կը շարունակուէր, ինքնաշարժները միշտ արագ կը սուրային, մայթերուն վրայ վեր վար քալողները կ’արտորային, եթէ իրենց համար քալելու տեղ ձգած ըլլային քաղաքի տեսքին վրայ տգեղ սպի դարձած կրպակները:

Ընկերոջ մը հետ Աշտարակ գացինք: Այս ձմրան ցուրտին այցելուներ եւ «տուրիստ»ներ չեն երթար ոչ հեռուի եւ ոչ ալ մօտի գիւղերը: Եթէ եկած անգամ ըլլան, կը մնան մեծ հիւրանոցներու գոլ ու թաւիշ մթնոլորտին մէջ: Ամէն բան տխուր չէ երեսուն տարիէ ի վեր ինքզինք վերականգնելու ճիգով եւ յոյսով ապրող երկրին մէջ, որուն պէտք է նայիլ տիրոջ աչքով եւ ոչ հիւրի կամ օտարի:

Մինչեւ Աշտարակ ճամբան նոր էր, մաքուր, հեզասահ: Եթէ չնայէինք ճանապարհի երկու կողմերու կիսաւարտ կամ լքուած շինութիւններուն եւ տարածքներուն, մենք մեզ կրնայինք զգալ շաբաթավերջին հանգիստի գացող գոհունակ եւրոպացի քաղքենի:

Ճանապարհին, երբ արդէն դուրս ելած ենք քաղաքէն, կը տեսնենք հայատառ ցուցանակներ, հնանուն եւ նորանուն բնակավայրեր, Պռոշեան, Վահագնի, Վանայ Հովիտ, Եղվարդ, գետը՝ Քասախ, Աշտարակ: Հացատուն մը եւ բացօթեայ առեւտուր, խնամքով ներկայացուող խնձորի տեսակներ, նարինջի դէզեր:

Երկիր է: Լուսանկար չէ:

Ճամբու երկու եզերքներու ծառերը, բարտիներ, ընկուզենիներ եւ այլ, դեռ կանաչ չեն, տերեւ չունին: Բայց ելեկտրաձողերու կամ մոռցուած սիւներու գագաթին գարնան աւետաբեր արագիլները եկած են, զոյգ զոյգ, ցից կանգնած իրենց Պոլշոյի պարուհիներու կարմիր երկարաւուն ոտքերուն վրայ, հաւանօրէն իրենց լեզուով սիրոյ զրոյց կ’ընեն կտուց կտուցի: Աչքի խտիղ պատճառող պատկեր, բիւրեղապակի դարձած օդին մէջ, որ կարծէք կրնայ փշրուիլ եթէ մատով հպինք:

Արագիլները բնադարձած են, հետեւելով իրենց ծիներու առհաւական անդաւաճան օրէնքին:

Վերադարձած արագիլները սոսկ պատկեր չեն, բանաստեղծութիւն եւ երգ չեն: Բնութեան գաղտնիքը կը բերեն: Կը պատմեն բնութեան գաղտնիքը, եթէ մեր գլուխը վեր առնենք եւ զիրենք լսենք: Գիւղացիները կ’ըսեն, որ անոնք կը վերադառնան եւ կը վերագտնեն իրենց անցեալ տարուան բոյնը եւ այդ բոյնին մէջ սէր կ’ընեն եւ կը սերնդագործեն: Կը տարուիմ մտածելու, որ անոնք ամէն բան գիտնալու յաւակնութիւն ունեցող, գիտութիւն ամբարած եւ իր քաղաքակրթութեամբ սոնքացող մարդոց, մեզի, բնութեան, բնականի, յաւերժութեան խորքէն եկող իմաստութիւնը կը բերեն: Պէտք է միամիտ եւ չապականած հոգիով ականջ տալ, լսել, ապրիլ:

Կանգ առած ենք: Իրենց բոյնը վերադարձած երկու արագիլները կտուց-կտուցի, սիւնին գագաթը, երկինքին մերձ, իրենց բոյնին վրայ ոտքի, ինչե՜ր կ’ըսեն իրարու: Օր մը մեր գերարդիական համակարգիչները պիտի հասկնա՞ն անոնց կափկափիւնով լեզուն: Անոնց պիտի հարցնե՞ն, թէ ինչո՞ւ վերադարձած են Աշտարակի ճամբեզրի սիւնին գագաթը, չեն գացած Հոնոլիւլիւ կամ բոյն դրած Էյֆէլի կամ Փիզայի աշտարակներուն գագաթները: Ներկայի գործնապաշտութեամբ չխաթարուած անցեալի մեր հեթանոս հայրերը, առանց համակարգիչի եւ ռատիոհաղորդիչի, կը հասկնային արագիլով հասնող տիեզերական գաղտնիքը:

Իր տունը չմոռցող, վերադարձող արագիլ…

Կը յուզուինք, երբ կը լսենք իր բոյնը վերադարձող եւ իր բոյնը վերականգնող «բարի արագիլ»ի երգը: Յուզում՝ երգի մը տեւողութեամբ, սրահի մը աղմուկին եւ աղմկարարութեան մէջ, առանց լսելու բնութեան գիրքին մէջ դաջուած վերադարձի եւ հաւատարմութեան խորհուրդը:

Թերեւս քիչ մըն ալ աւելին: Կ’ըսեն, որ «բարի արագիլներ»ը բնազդով գիտեն բոյնը եւ իրենց տեղը պաշտպանել կռուելով ամէն կարգի նախայարձակումներու դէմ: Պարզ, բնական եւ բնազդական իմաստութիւն. իրենց բոյնը եթէ իրենք չպաշտպանեն, ոչ արծիւը, ոչ անգղը եւ ոչ ալ ագռաւը պիտի պաշտպանեն զայն:

Արագիլի քաղաքական իմաստութիւն…

Կը շարունակենք մեր ճամբան մինչեւ Օշական, կրկին պուտ մը ուխտի աղօթքի համար Մեծն Մեսրոպի, որուն հրաշքէն ալ հեռացած ենք, կը հեռանանք, հրաշք՝ որուն գաղտնիքը այսօրուան ջինջ երկինքին եւ լոյսով կարդացած բանաստեղծին* դարերու խորհուրդը մեկնող տողերը կ’արձագանգեն մտքիս մէջ. «Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն, / Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ»… Իր բոյնը վերադարձող եւ կռիւով զայն պաշտպանող արագիլը կարդացա՞ծ է բանաստեղծին պատգամը…

Իր հարազատ տունը չվերադարձող հայը արագիլի չափ ալ բնական իմաստութիւն չունի, ափսո՜ս… Աքսորը բոյն չէ, անտես շղթաներով սանձուած ստրուկներու կացութիւն է:

Եւ ես ինծի կը կրկնեմ գրողին** խօսքը, որ «օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ», աքսորի կենցաղ դարձած ծառայ, ես ինծի կը մրթմրթամ միայն հանդէսներու ընթացքին աժան յուզումներով ծափահարուած բանաստեղծին խօսքը. «Անուշ է թուում ձեզ կանչող հեռուն, / Բայց դուք կը կորչէք ծովերում օտար, / Դարձէք՝ ծովանայ թող հայոց առուն, / Մի՞թէ մօր գիրկը նեղ է ձեզ համար…»***

Հայոց առուն, պատմահայր Խորենացիի փոքր ածուն:

Աքսորը հայրենիք չէ, կեղծիք է, երբ կը հանդուրժենք եւ կ’արդարանանք բառերու ճապկումներով, տիտղոսներու եւ շքանշաններու շպարներով, մեղկացնող յուշերու աժան փառքի մշուշներուն մէջ…
Երկու տարի առաջ մեզմէ հեռացած ազնիւ մտաւորական գրող Ռուբէն Յովսէփեանի խօսքը մեր այսօրուան եւ վաղուան իմաստութիւնը պէտք է ըլլա՞յ, ընդդէմ ամէն կարգի խաթարումներու.
Այս ամէնը ստիպեց ինձ յիշել հօրս հեռախօսազանգը։ Զանգեց ու մի քիչ կարօտով, մի քիչ բարկացած ասաց.
– Տղայ, դու հօ Նոյի ագռաւ չե՞ս։ Ինչո՞ւ չես գալիս։ Ամուսնացել ես, լաւ ես արել, բայց հայրական տուն կայ, որ պիտի նորոգուի, հող կայ, որ պիտի մշակուի։ Դու չգիտե՞ս, որ գարուն է եկել։
– Գիտեմ,- ասացի,- Երեւանում էլ են կանաչել ծառերը։
– Այս տարի լաւ բերք է սպասուում,- շարունակեց հայրս,- վերադարձել են արագիլները։
– Ի՞նչ արագիլներ,- զարմացայ ես։
– Արագիլներն էլի՞, չես յիշում։
Ու ես յիշեցի։

Այս ոչ «տուրիզմ» է, ոչ խորհրդաժողով, ոչ ընդունելութիւն, ոչ ալ սփիւռքի այս կամ այն սրահին մէջ ուժի ցուցադրութիւն:

Գրողի խօսքը՝ ազգի յիշեցումն է ազգի խիղճին:

Հրամայականը՝ հայրերու պատգամը՝
Տուն կայ որ պիտի նորոգուի, հող կայ որ պիտի մշակուի…

* Մուշեղ Իշխան
* * «Գիրք լինելութեան», Վիգէն Խեչումեան
*** Նոյի ագռաւները, Յովհաննէս Շիրազ