Փաշինեան Պելճիքայի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Ֆետերիքա Մոկերինի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Պելճիքա աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Պրիւքսէլի մէջ հանդիպեցաւ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:

Մոկերինի ողջունեց Հայաստանի վարչապետին այցելութիւնը Պրիւքսէլ՝ կարեւոր նկատելով Հայաստանի հետ համագործակցութեան խորացումը: Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահը վերահաստատեց, որ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարի յաջողութեան, տնտեսական յառաջընթացի ապահովման եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներուն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, իր կարգին ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի վստահելի գործընկերն է, եւ Հայաստանի քաղաքական փոփոխութիւններն ա՛լ աւելի սերտացուցին արժէքային ընդհանրութիւններ ունեցող Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան կապերը: Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն քաղաքական երկխօսութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ, որուն վկայութիւնն են բարձրաստիճան պաշտօնական փոխադարձ այցելութիւնները: Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը պատրաստ է շարունակելու եւ առաւել զարգացնելու արդիւնաւէտ գործակցութիւնը հասարակաց հետաքրքրութեան առարկայ ուղղութիւններով:

Զրուցակիցները քննեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին, վիզաներու ազատականացման գործընթացին, Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումներուն Եւրոպական Միութեան աջակցութեան եւ երկկողմ գործակցութեան օրակարգի հարցեր:

Անոնք գաղափարներ փոխանակեցին շրջանային հարցերու շուրջ, անդրադարձան Արցախի հակամարտութեան լուծման բանակցութիւններուն: Զրուցակիցները ընդգծեցին միջազգային լիազօրութիւն ունեցող ձեւաչափին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներուն շրջանակէն ներս արցախեան հիմնահարցի խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը: