Կարօ Փայլան Չարենցի Տան Հետ Կապուած Հարցապնդում Ուղարկած է Երկրի Մշակոյթի Նախարարին

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» երեսփոխան Կարօ Փայլան Չարենցի` Կարսի մէջ գտնուող տան քանդուելուն հետ կապուած հարցապնդում ուղարկած է երկրի մշակոյթի նախարարութիւն։ Այս մասին կը յայտնէ թրքական demokrathaber.org-ը:

«Դուք մտածա՞ծ էք, որ բանաստեղծին յիշատակը յարգող մարդոց համար Չարենցի տան քանդումը կրնայ վիրաւորանք յառաջացնել, ի՞նչ հաստատութիւն կայացուցած է Չարենցի տունը քանդելու որոշումը, մշակոյթի նախարարութիւնը տեղեակ եղա՞ծ է ատկէ, Չարենցի տունը կրնայ Կարսի համար յիշողութեան վայր ըլլալ, անոր վերանորոգման եւ թանգարանի վերածման վերաբերեալ նախարարութիւնը որեւէ նախագիծ ունի՞, ըստ ինծի` Չարենցի տունը քանդուած է անոր հայ ըլլալուն պատճառով, համաձա՞յն էք»,-  Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւն ուղարկուած հարցապնդման մէջ նշած է Փայլան: