ՀՀ Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Եռաբլուրի Մէջ Յարգեց Վազգէն Սարգսեանի Յիշատակը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայաստանի ազգային հերոս, ՀՀ պաշտպանութեան առաջին նախարար, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յիշատակին, կը հաղորդէ «Արմենպրես»-ը։

Մարտ 5-ին կը լրանայ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան 60-ամեակը:

Սպարապետին ծննդեան օրուան առիթով Եռաբլուր այցելած են ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեան, Ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան, ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեան, պատգամաւորներ ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: