«ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Մէջ Պէտք է հաշուի Առնուի Երեք Կողմերուն Շահերը». Նիկոլ Փաշինեանի Հարցազրոյցը EURACTIV-ին

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան EURACTIV կայքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ խօսած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ բանակցային գործընթացին, Պաքուի, ինչպէս նաեւ Պրիւքսելի եւ Մոսկուայի հետ ապագայ կապերը զարգացնելու, իր յայտարարած տնտեսական յեղափոխութեան մասին:

Tert.am-ի փոխանցմամբ, Փաշինեան նշած է, որ հայկական կողմը պատրաստակամ է յարատեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած կառուցողական երկխօսութեան:

«Տարածաշրջանի ժողովուրդներուն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նախապատրաստելու համար ես յայտարարած եմ, որ կարգաւորումը պէտք է հաշուի առնէ բոլոր երեք կողմերը` Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շահերը: Հայ հասարակութիւնն ու մետիան զիս քննադատեցին, քանի որ Ատրպէյճանի նախագահը հրաժարեցաւ նոյնը ընելէն: Աւելին` ան շարունակաբար կ՛օգտագործէ թշնամական հռետորաբանութիւն, որ չափազանց բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ժողովուրդը խաղաղութեան նախապատրաստելու իմ ջանքերուն վրայ, ինչպէս նաեւ կը վնասէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն բանակցային ջանքերուն: Անհրաժեշտ է Լեռնային Ղարաբաղը ներառել բանակցութիւններու մէջ, այն գործընթացին, որ ի վերջոյ պիտի որոշէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը ու այնտեղ բնակող մարդոց համար անվտանգութեան երաշխիքներ ապահովէ:

 ՀՀ երկու նախկին նախագահները ծնած, մեծցած ու ապրած են Արցախ: Ի տարբերութիւն անոնց` ես Արցախը չեմ ներկայացներ, այնտեղ բնակող մարդիկ չեն մասնակցիր ՀՀ ընտրութիւններուն, ուստի` բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի ժողովուրդը ներկայացնելու իրաւագիր չէ տրուած ինծի»,-ըսած է Փաշինեան` ընդգծելով, որ ինք կը ներկայացնէ Հայաստանը եւ պատրաստ է բանակցութիւններուն մասնակցիլ Հայաստանի անունէն:

Միեւնոյն ժամանակ ՀՀ վարչապետը նշած է, որ, եթէ Ատրպէյճան նոյնպէս ընդունի, որ հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է ներառէ բոլոր կողմերուն մասնակցութիւնը, ատիկա փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած բանակցութիւններ սկսելու լաւ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ:

Լրագրողին այն հարցումին, թէ արդեօք ան համակարծիք է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, որուն համաձայն` «2019 թուականը նոր թափ պիտի տայ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին», Փաշինեան ըսած է. «Լաւ պիտի ըլլայ, եթէ «նոր թափ ստանալ» ըսելով նախագահ Ալիեւը նկատի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը: Հակառակ պարագային ատիկա եւս բարձրագոչ յայտարարութիւն մըն է»,-ըսած է վարչապետը:

Ան նաեւ նշած է, որ հայկական կողմը շատ կը ցանկար նոր բովանդակութիւն տալ խաղաղ բանակցային  գործընթացին եւ իր տեսլականը համանախագահներուն միջոցով արդէն փոխանցած է ատրպէյճանական կողմին:

Ան ընդգծած է, որ  տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններուն համար խաղաղութիւնը լաւագոյն շահն է, որուն հասնելու համար իրենք պատրաստ են ջանք չխնայելու:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիոյ կողմէ կա՞ն արդեօք դրական ազդանշաններ, որ յարաբերութիւնները կրնան լաւանալ, վարչապետը ըսած է, որ եթէ Թուրքիան իրեն ժողովրդավարական պետութիւն կը համարէ, ապա պէտք է ողջունէ ժողովրդավարութեան յաղթանակը հարեւան երկրին մէջ եւ երկխօսութիւն սկսի:

«Այս պարունակին մէջ Թուրքիոյ հակահայկական դիրքորոշման պահպանումը խորհելու առիթ կու տայ: Մենք կը հաստատենք առանց որեւէ նախապայմաններու մեր յարաբերութիւնները վերականգնելու հաստատակամութիւնը: Պէ՞տք է արդեօք մեր օրակարգին մէջ ներառենք Կիպրոսի խնդիրը եւ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած խնդիրները, եթէ Անգարան շարունակէ առաջ մղել միայն ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծումէն ետք Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու իր դիրքորոշումը: Կը բերի՞ արդեօք նման քաղաքականութիւնը կայունութիւն մեր տարածաշրջանին մէջ»,- տարակուսանք յայտնած է ան:

Փաշինեան խօսած է նաեւ Պրիւքսել կատարած այցի մասին` նշելով, որ եւրոպացի գործընկերներու հետ պայմանաւորուած են շարունակել նախապէս սկսած ծրագիրները, զարգացնել նախկին պայմանաւորուածութիւններու իրագործման համար որպէս ուղեցոյց ծառայող ճանապարհային քարտէսը:

Խօսելով այն մասին, թէ արդեօք նախորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ ԵՄ-ի հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի չստորագրումը այժմ կը դիտարկուի որպէս սխալ` Փաշինեան ըսած է, որ ինք Հայաստանի մէջ նախկինին համեմատ աւելի թափանցիկ քաղաքականութեան կողմնակից է:

Ան նշած է, որ Հայաստան կը համագործակցի ե՛ւ ԵՄ-ի, ե՛ւ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ եւ կողմերէն իւրաքանչիւրին տեղեակ կը պահէ միւս կողմին հետ համագործակցութեան մասին: «Աւելին` մենք կը փորձենք կամուրջ ըլլալ այս երկու միութիւններուն միջեւ»,-ըսած է ան:

Փաշինեան ընդգծած է, որ ԵՄ-ի հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի չվաւերացուած կարգավիճակը նոյնիսկ թոյլ կու տայ նախաձեռնել ու իրականացնել տարբեր նախագիծեր: Ան յոյս յայտնած է, որ առայժմ ԵՄ տասը պետութեան կողմէ վաւերացուած փաստաթուղթը մինչեւ տարեվերջ լիարժէք արդիւնաւէտութիւն կ’ունենայ:

Անոր կարծիքով` ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու խորացումը կրնայ վերածուիլ տանդեմի:

«Սակայն միեւնոյն ժամանակ մենք չենք հրաժարուիր ինքնիշխանութեան փոխադարձ յարգանքի եւ մեր ազգերու փոխադարձ շահերուն վրայ հիմնուած ռազմավարական համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ զարգացնելու մտադրութենէն»,- աւելցուցած է ան:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին` արդեօք Փաշինեանի կառավարութիւնը կ’ընդունի ԵՄ-ի հետ կնքուած համաձայնագրի ծիրէն ներս Մեծամորի հիւլէակայանը փակելու եւ զայն ապահով ապագործարկելու պայմանը, թէ պիտի շարունակէ անոր շահագործումը, վարչապետ ըսած է. «Ներկայիս մենք կը ծրագրենք հիւլէակայանի արդիականացումն եւ անոր անվտանգութեան մակարդակի բարձրացում, որպէսզի ան կարենայ աշխատիլ մինչեւ ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրի հասանելի դառնալը»:

Հարցազրոյցի վերջը անդրադարձը եղած է խոստացուած տնտեսական յեղափոխութեան:

«Այո՛, տնտեսական յեղափոխութիւնը մեր կառավարութեան յաջորդ նպատակն է եւ մեր ծրագրի հիմնաքարը: Մենք հաստատած ենք ու սկսած յաւակնոտ բարեփոխումներու օրականգ` փտածութեան դէմ պայքար, մենաշնորհներու, աղքատութեան վերացում, անկախ դատական համակարգի, օրէնքի գերակայութեան հաստատում»,-ըսած է ան` աւելցնելով, որ բարեփոխումներ կը սպասուին նաեւ հարկային, մաքսային, կրթական համակարգերուն մէջ: