Նախագահին Նպատակն է «Ամէն Տեսակի Քայլերով Օգտակար Ըլլալ Գիւմրիին»

Հայաստան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր ըսած, որ իր նպատակն է «ամէն տեսակ քայլերով օգտակար ըլլալ եւ աջակցիլ Գիւմրիին»:

Արմէն Սարգսեան այդ մասին ըսած է Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի հետ հանդիպման ընթացքին: Նախագահը շնորհաւորած է Շիրակի թեմի առաջնորդը` վերջերս արքութեան աստիճանի արժանանալու առիթով եւ նշած, որ անիկա սրբազանին տարիներու վաստակի, հայրենիքի եւ եկեղեցւոյ հանդէպ սիրոյ ու նուիրումի գնահատանքն է:

 Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեան իր հերթին շնորհաւորած է Արմէն Սարգսեանը Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելու մէկ տարուան առթիւ` նշելով, որ իր համար մեծագոյն պատիւ է ըլլալ Հանրապետութեան նախագահին առաջին հիւրը նոր նստավայրին մէջ:

 Արմէն Սարգսեան տեղեկացուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր քարտուղարին հետ իր զրոյցի մասին` Գիւմրիի պատմական կեդրոնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հովանաւորութեան տակ վերցնելու վերաբերեալ: «Սա ինծի համար սկզբունքային է, քանի որ այդպիսով ոեւէ մէկը ոտնձգութիւն չի կրնար ընել պատմական շինութիւններուն նկատմամբ»,-ըսած է նախագահը:

 «Երկրորդը` հնարաւորութիւն պիտի տայ որոշ ծրագիրներ, միջազգային ֆինանսաւորում ներգրաւել Գիւմրիի կեդրոնին համար: Իմ նպատակն Է` փոքր, մեծ, ամէն տեսակի քայլերով օգտակար ըլլալ եւ աջակցիլ Գիւմրիին», – ըսած է Սարգսեան:

 Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեան նշած է, որ Գիւմրին բարձր մակարդակի ուշադրութեան կարիք ունի եւ համաձայնած է նախագահին հետ, որ Գիւմրիի պատմական կեդրոնը պէտք է փրկել, վերադարձնել զայն իր պատմական սքանչելի տեսքին, յատկապէս եթէ կ՛ուզենք զբօսաշրջութիւնը զարգացնել: Շիրակի թեմի առաջնորդը նշած է, որ այդ ամէնուն հետ մէկտեղ պէտք է լուծուին նաեւ քաղաքին միւս խնդիրները: