Բռնութեամբ Հարցեր Լուծելու Որեւէ Փորձ Պիտի Արժանանայ Կոշտ Իրաւական Հակազդեցութեան. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կ՛ընդգծէ, որ բոլոր անոնք, որոնք նոր Հայաստանի մէջ կը գործեն բռնութեան, սուտի, կեղծիքի տարածման տրամաբանութեամբ` կը գործեն ընդդէմ Հայաստանի, ընդդէմ ժողովրդավարութեան:

Այս մասին ան գրած է «ֆեյսպուք»-ի իր էջին վրայ։

«Հայաստանի մէջ բռնութեամբ հարցեր լուծելու որեւէ փորձ պիտի արժանանայ կոշտ իրաւական հակազդեցութեան: Բոլոր անոնք, որոնք նոր Հայաստանի մէջ կը գործեն բռնութեան, սուտի, կեղծիքի տարածման տրամաբանութեամբ, կը գործեն ընդդէմ Հայաստանի, ընդդէմ ժողովրդավարութեան, ընդդէմ ժողովուրդին»,- գրած է Փաշինեան: