Հայրենիք-Սփիւռք Փոխսնուցիչ Ուժականութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարօ Արմենեան

Այսօր կարեւոր է, որ յիշենք այն փաստը, որ հարիւր տարի առաջ այս օրերուն, մեր երկիրը կը գտնուէր համատարած սովի ճիրաններուն մէջ եւ գրեթէ հրաշքով ան կրցաւ յաղթահարել սովի այդ ճգնաժամը եւ վերապրիլ: Նոյնքան կարեւոր է, որ հասկնանք, թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ Հայաստան ինկաւ տնտեսական այդ դժոխային անելին մէջ, այդ իսկ օրերուն, երբ Հայաստան նուաճեց անկախ պետականութեան կարգավիճակը:

Հարիւր տարուան պատմութիւնը իր ծալքերուն տակ թաղած է շատ բան եւ հետեւաբար դէպքերու մանրամասնութիւնը կը խուսափի ամէնօրեայ լրագրութեան հասողութենէն: Դիմատետրի իմ վերջին գրառումով հարցադրութեան նիւթ դարձուցեր էի Կովկասի անգլիական իշխանութիւններու դրած արգելքը, վարչապետ Քաջազնունիի պատուիրակութեան, դէպի Ամերիկա ճամբորդութեան վրայ: Հայաստանը արտաքին աշխարհին կապող միակ գործնական ճամբան այդ օրերուն Թիֆլիսն էր եւ այդ մէկը կը գտնուէր անգլիական ուժերու ամբողջական հակակշիռին տակ: Եւ փաստօրէն անգլիական իշխանութիւնը իր արտօնութիւնը ձգձգեց Փետրուարէն մինչեւ Ապրիլ 1919… որոնք ճակատագրական ամիսներ էին Հայաստանի սովեալներուն համար:

Այսօրուան տուեալներով, նմանօրինակ ձգձգում մը պիտի նկատուէր քրէական, նկատի առած անոր ծանրակշիռ հետեւանքները: Անգլիա ստորագիրներէն մէկն էր Մայիս 29, 1915 թուակիր եռակողմանի այն յայտարարութեան, որ կ՛ըսէր՝ «In view of those new crimes of Turkey against humanity and civilization, the Allied governments announce publicly to the Sublime-Porte that they will hold personally responsible [for] these crimes all members of the Ottoman government and those of their agents who are implicated in such massacres» («…Նկատի առնելով մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ գործուած Թուրքիոյ այս նոր ոճիրները, Դաշնակից կառավարութիւնները հրապարակաւ կ՛ազդարարեն Բարձրագոյն Դրան, որ իրենք՝ Դաշնակիցնե՛րը այս ոճիրներուն համար անձնապէս պատասխանատու կը համարեն Օսմանեան կառավարութեան բոլոր այն անդամներն ու իրենց գործակալները, որոնք դերակատար եղած են այս ջարդերու իրականացման մէջ»): Անգլիացիք գիտէին, որ այդ կէտին վրայ Թուրքիոյ եւ իր արբանեակ Ատրպէյճանի նպատակն էր ամբողջական բնաջնջումը Արեւելեան Հայաստանի հայութեան եւ որ սովը բնական շարունակութիւնն էր բնաջնջումի այս գործողութեան եւ այս անգամ ՝ իրենց՝ անգլիացիներո՛ւ իսկ իշխանութեան ներքոյ…

Փաստերը մեծ հարցականներու տեղի կու տան: Ամերիկեան նպաստամատոյցի (Near East Relief) թուղթերը կը խօսին այն մասին, որ լայն համագործակցութիւն գոյութիւն ունեցած է ամերիկեան նպաստամատոյցին (Near East Relief և American Relief Administration for the Near East) եւ տեղական անգլիական իշխանութիւններուն միջեւ սովի ծաւալն ու սովեալ բնակչութեան քարտէսը ճշդելու տեսակէտէն: Սովին անմիջապէս ենթակայ բնակչութիւնը Արեւմտեան Հայաստանէն տարագրուած ժողովուրդն էր եւ սակայն շուտով սովը կլանեց ամբողջ Հայաստանը: Անկախութեան ճակատամարտերէն ծնունդ առած Հայաստանը կը թուէր «ձեւաւորուած» ըլլալ սովամահութեան համար… մինչեւ որ հասան 1918ի Համաշխարհային Զինադադարի օրերը (11 Նոյեմբեր 1918) եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները ընդարձակուեցան ըստ Զինադադարի փաստաթուղթերուն մէջ ճշդուած սկզբունքներուն:

Կը թուի, թէ երբ սովի խնդիրը Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ճնշիչ թախանձանքով յանձնուեցաւ անգլիական իշխանութիւններու ուշադրութեան, Կովկասի անգլիական իշխանութիւնները զգալի թերահաւատութեամբ ընդունեցին տրամադրուած տեղեկանքը եւ այս իսկ պատճառով Ամերիկեան նպաստամատոյցի պատասխանատուները լուրջ դժուարութիւն ունէին յստակ գնահատական տալու կացութեան: Ի վերջոյ, Հըրպըրթ Հուվըրի անձնական ներկայացուցիչն էր, որ պիտի շտապէր գալ տարածաշրջան անձնապէս ստուգելու կացութիւնը եւ յստակացնելու շրջագիծը աղէտին: Եւ վերջապէս բացայայտուեցաւ աղէտը իր ահաւոր մերկութեամբ: Հակառակ այս յաւելեալ իրողութեան, անգլիացիք երկու թանկագին ամիսներով քաշքշեցին Քաջազնունիի պատուիրակութեան ճամբորդութեան թուականը:

Այս փաստն իսկ ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի՜ ենթակայութեան հարցեր կը դիմագրաւէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ օրերուն ամէնէն տարրական հաղորդակցական խնդիրներու կապակցութեամբ: Եւ շուտով յստակ պիտի ըլլար, թէ ինչպիսի՞ ուժականութիւն էր ըլլալու քաղաքականացած Սփիւռքը անկախ Հայաստանի նորահաստատ պետականութեան համար:

Սիմոն Վրացեանի տողերը ժուժկալ են, բայց ճշգրիտ: Վրացեան կ՛ըսէ՝ «…Հայաստանի Խորհրդի ու կառավարութեան դիմումները, ինչպէս նաեւ արտասահմանում կատարուած աշխատանքները, վերջապէս լսուեցին եւ օգնութիւնը չուշացաւ»։ ՀՀ վերջին Վարչապետին յղումը պէտք է հասկնալ իր ճակատագրական տարողութեամբ: «…Ինչպէս նաեւ արտասահմանում կատարուած աշխատանքները…» ամբողջ հատորի մը նիւթ պէտք էր հայթայթէին, զոր գրելու կարելիութենէն զրկուած էր մեր մեծ ուսուցիչը 1928ին:

Այսօր գիտենք, որ մէկ կողմէ ՀՀ դեսպանը Ուաշինկթընի մէջ՝ մեծ հեղինակութիւն վայելող Գարեգին Փաստրմաճեան (ՀՅԴ մարտական անունով մեզի ծանօթ Պանք Օթոմանի յայտնի հերոս Արմէն Գարօն), ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ յատկապէս բարեյիշատակ Վահան Քարտաշեանի հիմնած «Ամերիկեան Կոմիտէ Հայաստանի Անկախութեան Համար» (American Committee for the Independence of Armenia)» հաստատութիւնը կարեւոր դեր խաղացին ԱՄՆի Քոնկրեսն ու կառավարութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու գործին մէջ: Անոնց դերակատարութիւնը մեծ եղաւ մանաւանդ ԱՄՆի հանրային կարծիքը դարբնելու գործին մէջ:

Սփիւռքը, որ ծնած էր մեր ազգային ողբերգութենէն, յանկարծ գիւտը կ՛ընէր իր առաքելութեան: Ինք այժմ պիտի դառնար Հայաստանի անկախ պետականութեան լինելիութեան հզօր գործօնը: Սփիւռքը պիտի տէր կանգնէր իր հայեցիութեան, որպէսզի կարենար տէր կանգնիլ այս մեծ առաքելութեան: Դաշնակցութեան կողմէ հետապնդուած Սփիւռքի քաղաքականացման ռազմավարութիւնը, առաջին հերթին, հայրենիքի փրկութեան եւ հայրենիքի հզօրացման ռազմավարութիւն էր: Հայաստանի սովը եղաւ առաջին մեծ ազգային մարտահրաւէրը հայրենիք եւ Սփիւռք լծելու նոյն քաղաքական առաջադրութեան: Վարչապետ Քաջազնունիի պատուիրակութեան առջեւ արագօրէն բացուեցան բոլոր կարեւոր դռները: Հայաստան-Սփիւռք քաղաքական շաղկապը գործեց մեծ արդիւնաւորութեամբ եւ ճամբայ հանեց այն նոր ազգային ուժականութիւնը, որ հայրենիք-Սփիւռք փոխսնուցիչ (symbiotic) յարաբերութիւններու կենսատարածքն էր:

Այսօր հարց պիտի տանք մենք մեզի, թէ որո՞նք են մեծ դասերը մեր աւելի քան հարիւրամեայ այս փորձառութեան: Կասկած չկայ, որ եկած է այս հարցադրութեան ժամանակը: Այս համազգային քննարկումը պէտք է շուտով սկսի: Եւ սկսի մեծ թափով ու տեսիլքով:

Պարզ է, որ Հայաստանի անկախ պետականութեան լինելիութիւնը (viability) պիտի ապահովուի միջկայսերական մարտահրաւէրներու բովին մէջ: Այլ ընտրութիւն գոյութիւն չունի: Եւ եթէ մեր խնդիրը գերտէրութիւններու առճակատման միջավայրին մէջ է, որ պիտի վճռուի, մենք այդ մարտահրաւէրին պիտի ընդառաջենք նոյն այդ միջավայրին յարիր զէնքերով եւ ռազմավարութեամբ… Այսինքն՝ հայրենիք-Սփիւռք փոխսնուցիչ ուժականութիւններու ներգործօ՛ն ռազմավարութեամբ: Այսինքն՝ մէկզմէկու իրականութեան լիովին վերահասու ըլլալու եւ այս համաշխարհային ռազմաբեմի պահանջներուն համար մշտապէս եւ ճիշդ զէնքերով եւ գործիքներով զինուած ըլլալու հեռատեսութեամբ եւ քանքարով: Եւ Տէր ընդ մե՛զ: