Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինին Հաղորդագրութիւնը

Սփիւռք

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 104-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ

 

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առթիւ ոգեկոչական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ, 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9-էն սկսեալ՝ Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ. հասցէ՝ 930 Via San Clemente, Montebello, CA։

Յաջորդ հաղորդագրութիւններով պիտի մանրամասնուի ոգեկոչման ծրագիրը։

 

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ