Արարատեան Հայրապետական Թեմը Մեծ Շուքով Նշած է Բուն Բարեկենդանը

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, Մարտ 3-ին, նշած է Բուն Բարեկենդանը: Տօնին առիթով՝ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոսի օրհնութեամբ՝ թեմի երիտասարդաց միութիւնները կազմակերպած էին մեծ ձեռնարկ, որուն կը մասնակցէին ոչ միայն թեմի համայնքներու անդամները, այլ նաեւ Երեւանի բոլոր վարչական շրջաններու մշակոյթի կեդրոններու երգ ու պարի, ազգային նուագարաններու խումբերը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արարատեան Հայրապետական թեմի տեղեկատուական բաժինէն՝ աւելցնելով. «Ազգային նուագարաններու, թմբկահարներու, տհոլահարներու խումբերու ուղեկցութեամբ ու ազգային երգերու կատարումներով բարեկենդանեան ձեռնարկներու շարքը մեկնարկեց ԱՀԹ առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ:

«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ վաղը կը սկսի մեծ պահքը՝ ես կը մաղթեմ մերժողովուրդին համբերութիւն: Թող հաւատով, ինքնաքննադատմամբ կարողանան իրականացնելու պահքի օրերը: Կարեւոր է նաեւ երբեմն մնալ միայնակ ու այդ լռութեան մէջ հաղորդակցուելու Աստուծոյ հետ: Թող առաջնահերթ մեծ պահքի խորհուրդը ընկալեն հոգեւոր տեսանկիւնէն, այլ ոչ սննդակարգով»,- ըսած է ԱՀԹ երիտասարդաց միութիւններու համակարգող տէր Պետրոս աւագ քահանայ Մալեանը:

Քաջ Նազարն ու Ուստիանն ալ իրենց հերթին մեծ ուրախութիւն պարգեւած են ներկաներուն եւ իրենց կերպարներով ապահոված էին օրուան տրամադրութիւնը եւ իրենց յատուկ կատակով ալ մեկնաբանած են օրուան խորհուրդը. «Այսօր մենք հաւաքուած ենք, որ նշենք Բուն Բարեկենդանի տօնը: Ուրեմն այս բնութիւնը, չենք գիտեր՝ ինչու, ձմեռուան ընթացքին քուն կը մտնէ, որովհետեւ հազիւ գարունը կը բացուի, ինքը պէտք է վերակենդանայ: Հայերը որոշած են այդ ամէնը քիչ մը  արագացնեն, ուրախացնեն ու զուարճացնեն մեր բնութիւնը: Ատոր համար պարերով, երգով կը դոփեն յատակին, որ արթննայ մեր հրաշք բնութիւնը: Ատոր շնորհիւ մենք կ’ունենանք գետնախնձոր, լոլիկ, ցորեն, խնձոր եւ այլ համով բաներ: Կը մաղթենք բոլորին գարնան նման ծլիլ-ծաղկիլ, զօրանալ ու ամենակարեւորը՝ քիչ մը մարդ ըլլանք, մարդիկ»:

Ազգային տօնի վերազարթօնքին միացած են Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի բաժինի ղեկավար Գարիկ Նազարեանը, մշակոյթի բաժինի գլխաւոր մասնագէտ Արամ Գիւրջեանը, ՀԵՀԵՄ կեդրոնական գրասենեակի անդամները, հայաստանեաց համալսարաններու ուսանողներ:

«Երեւանի քաղաքապետարանը, աւանդաբար, իբրեւ գործընկեր, հանդէս կու գայ այս հրաշալի Բուն Բարեկենդանի տօնի կազմակերպման նախաձեռնութեան, որովհետեւ անիկա ունի  իւրայատուկ խորհուրդ. իսկապէս ժողովրդական, ժողովուրդին կողմէ հեղինակած տօնախմբութիւն է, որ կ՝օգնէ մարդոց ըլլալու առաւել անկեղծ թէ իրարու, թէ՛ տօնախմբութեան նկատմա՛մբ»,- նշած է Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի վարչութեան մշակոյթի բաժինի գլխաւոր մասնագէտ Արամ Գիւրջեան, իսկ անոր փոքրիկ աղջիկը, որ աղուէսի դիմակ կը կրէր, անկեղծացած է. «Իմ հայրը ինծի պատմած է, որ եթէ գայլն ու աղուէսը հայկական բնաշխարհին մէջ կան, ուրեմն անոնք Բուն Բարեկենդանի խորհրդանիշներէն են»:

Նախորդ տարուան նման՝ այս տարի եւս՝ Երեւանի քաղաքապետարանի յանձնարարութեամբ վարչական շրջաններու մէջ, նախընթաց շաբաթուան ընթացքին կազմակերպուած են ուրախ տօնակատարութիւններ, հանդէսներ, ցուցադրութիւններ: Անոնք այս տարի ամբողջացած են տօնին բուն օրը կազմակերպուած տօնախմբութեան ժամանակ»: