Մեր Օրերու «Աւարայր»-ները, «Նոր» Վարդաններու Պէտք Ունին (Վարդանանց, 451 Թ.)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   


Պիտի ըսուի, որ 1568 տարի առաջ հայութիւնը աւելի «բախտաւոր» է եղած, պարզ այն պատճառով որ օրին ունեցած է մէկ Աւարայր ու մէկ Վարդան` յանձինս հրամանատար Մամիկոնեանի, որուն անուան ու քաջութեան առնչուած է երբեմնի հայոց պատերազմը`451-ին, որ տեղի ունեցաւ Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներու հանդիպակաց` Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափին:

Անշուշտ խօսքը չի վերաբերիր Վարդանանց պատերազմի նսեմացման կամ անոր հրամանատարին նուազ արժեւորման, այլ վերոնշեալ հաստատումը կը միտի ընդգծելու, որ հայոց կեանքի տարբեր փուլերուն միշտ ալ ուղեկցող եղած է նորովի ճակատամարտ(եր) մը, որուն յաջող կամ անյաջող ելքին առնչուած են հետագայ բոլոր զարգացումները:

Կրնայ առարկուիլ նաեւ, որ 5-րդ դարու պատմիչներ Եղիշէ ու Փաւստոս Բիւզանդ թէեւ հանգամանօրէն անդրադարձած են հայութեան այս ճակատամարտին, այդուհանդերձ պահած են կրօնական շղարշի պարունակը եւ առաւելաբար շեշտը դրած են այն իրողութեան վրայ, որ պատերազմը` Սասանեան Պարսկաստանի դէմ, եղած է լոկ քրիստոնեայ Հայաստանի պաշտպանութեան ճակատամարտ, ինչ որ որոշ չափով նուազեցուցած է հայկական դիմագիծի, քաղաքական կեցուածքի ու ազգային արժանապատուութեան կարեւորութիւնը:

Ճիշդ է, որ հետագայ դարերու ընթացքին հայութիւնը կրցած է վառ պահել եզակի այս ճակատամարտին խորհուրդը, այլապէս` յիշել ու սերունդներու փոխանցել Վարդանի ու հայ կտրիճներու սխրանքը, անոնց ցուցաբերած արիական կեցուածքն ու վճռական որոշումը` դէմ կանգնելու թշնամի գերադաս ուժերուն եւ ի հարկին արժանանալու նահատակութեան փառապսակին, այդուամենայնիւ հաւաքական յիշողութեան պահպանման մէջ գոյութիւն ունեցած է դաստիարակչական թերութիւն մը, բաց մը, որուն սրբագրութեան պէտք է լծուի նոյնինքն ազգը` իր պատմագիտական ոլորտով եւ գեղարուեստական հասկացողութեամբ:

Խօսքը կը վերաբերի դասական դարձած տօնակատարութեան, որուն կառչած ենք ազգովին` յաճախ բացագանչելով, որ տակաւին թոռներն ենք Կարմիր Վարդանին, որ շնորհիւ իր քաջ բանակին` ջախջախեց թշնամի բանակային ստորաբաժանումներ եւ հայոց նուիրեց բարոյական յաղթանակի տիպար օրինակ մը:

Պատերազմի դաշտին վրայ, խորքին մէջ, Վարդանի ու հայ զինուորներու խոյանքը դէպի թշնամին կը միտէր ջլատել Յազկերտ Բ.-ի յարձակողապաշտ մոլուցքը, ձեւով մը` ուժերու միջեւ հաւասարակշռութիւն հաստատելու եւ յաղթական ելք մը գտնելու համար, նկատի առած պարսկական բանակին հսկայական ուժը:

Փաստօրէն, պատերազմի սկզբնաւորութեան հայոց այրուձին կը ցուցաբերէ յանդուգն կեցուածք եւ նախաձեռնելու ոգին բարձր պահած` ուժգին հարուած կը հասցնէ թշնամի բանակին: Յազկերտ Բ. կը հրամայէ յաւելեալ ուժերով համալրել բանակը եւ փիղերու օժանդակութեամբ անցնիլ հակայարձակումի:

Ճակատագրական մարտերու ընթացքին կը նահատակուի Վարդան, հայոց բազուկն ու հարուածող ուժը ներկայացնող քաջասիրտ տղաներու պատկառելի թիւ մը, իրենց կարգին, կ՛արժանանան նահատակութեան եւ ոսկետառ գիրքերով մեզի կը ժառանգեն հերոսագրութեան վաւերական դիպաշար մը:

Ժամանակի թաւալքին հետ, սակայն, դարերու խորերէն մեզի հասած աւարայրեան ճշմարտութիւնը կը սկսի տակաւ կորսնցնել իր հնչեղութիւնը, որուն ջրդեղման եւ առաւել իմաստաւորման կոչուած են տարբեր սերունդի պատկանող հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու սքանչելի հոյլ մը, որոնք իրենց արուեստին ուժեղ արտայայտութեամբ վերաբորբոքեցին ազգային գիտակցութիւնն ու ոգին` այլապէս սերունդներու ուշադրութեան յանձնելով այն ճշմարտութիւնը, որ ազգեր կրնան գոյատեւել` բացառաբար ապաւինելով իրենց սեփական բազուկին, յառաջադէմ մտքին եւ հաւատքով մարտնչելու հրամայական պահանջին:

Այլ խօսքով, Աւարայրի ճակատամարտը զինուորական ու պատերազմական գործողութիւններ ըլլալով հանդերձ, անիկա կը բովանդակէ նաեւ` քաղաքական մտածողութեան ուսմունք, պետական մօտեցումներու առաւել յստակացման ուղիներ,  ազգային բարոյահոգեբանական վիճակի բոցավառում, զգօնութեան հրաւէր եւ ամէն քայլափոխի` յայտնի եւ աներեւոյթ թշնամիներու դէմ զգաստութիւն:

Օրին, թէեւ աշխարհաքաղաքական հարթակները տարբեր էին, սակայն ունէին  եւ կը հետապնդէին այսօրուան նոյն նպատակները`բնաջինջ ընել ժողովուրդներ, բռնակցել երկիրներ, քաղաքական ստրկութիւն պարտադրել, ինքնուրոյն ապրելու եւ ազգային քաղաքակրթական նուաճումները արգելակել, ազգային հոգեմտաւոր արժէքները պարպել իրենց իմաստէն եւ փետրաթափել եւ մասամբ նորին:

Այսօր հայութեան եւ վերանկախ Հայաստանի դիմաց կանգնող բազմաբնոյթ ու բազմաբեւեռ մարտահրաւէրներու, մտահոգութիւններու, որոգայթներու, թշնամական ոտնձգութիւններու, գաղափարական թէ գոյութենական հարցերու դիմաց ի՞նչն է, որ պիտի կարենայ պաշտպանել ազգ ու հայրենիք, եթէ ոչ` ազգային գիտակցական մակարդակի ու հաւատամքի առաւել ջրդեղումն ու տիպար դաստիարակութիւնը:

Բաւարար է ընդգծել, թէ ինչպիսի՛ ահաւոր կացութիւններու դէմ յանդիման է սփիւռքահայութիւնը, երբ անհայրենիք ըլլալու իրողութիւնը հատու հարուած կը հասցնէ իրերայաջորդ սերունդներու հայեցի դիմագիծին եւ ուժականութեան:

Եթէ երբեք մէկ կողմէ ազգային հպարտառիթ դիպաշարեր ուժ եւ կորով կը ներշնչեն սերունդներու, ապա միւս կողմէ` անոնց դասական ու թշուառ ընկալումը միայն աւերներ կը գործեն: Փաստօրէն, ինչպիսի՛ բացատրութիւն տալ հայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող հաւատքի ու հաւատամքի բացթողումներուն, երբ աղանդներ ու այլանդակ մտածելակերպեր շարան-շարան կը տողանցեն Կարմիր Վարդանի թոռներու երկրին մէջ: Պատառ մը հացի ու սեւ ճակատագրի համար արտագաղթող հայուն ա՛լ ի՞նչ կը նշանակէ Աւարայրի ճակատամարտ եւ 451 թուական:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ յետաւարայրեան ճակատամարտին Վահանեանք կրցան ստեղծել իրենց զինուորական ու քաղաքական ուրոյն հարթակը եւ, օրուան հրամայական մարտավարութեամբ, դիմակայել թշնամիները:

Նոյն էր պարագան Արցախի ազատագրական շարժումին, որ կրցաւ լուսաւոր ժամանակներ կտակել հայութեան` փոխանցելով հաւատքի ու հաւատամքի համար պատերազմ մղելու նորովի ընկալումներ:

Դեռ կը հաւատա՛նք, որ Քաջ Վարդանի թոռներն ենք: