Արցախի Մէջ Յարգած են Սումգայիթի Անմեղ Զոհերու Յիշատակը

Հայաստան

Այսօր` Փետրուար 28-ին, Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր այցելած են Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան, Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, պետական այրեր, տարբեր նախարարութիւններու, ուսումնական հաստատութիւններու ներկայացոիւցիչներ` յարգանքի տուրք մատուցելու 31 տարի առաջ Սումգայիթ քաղաքին մէջ ազերիներու կողմէ հայերու նկատմամբ իրականացուած ոճրագործութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

«Արցախփրես»-ի  թղթակիցին   հաղորդմամբ`  ներկաները  ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ դրած են սումգայիթեան ջարդերու անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերաժացնող յուշաքարին մօտ: