Իրանական Կողմը Պատրաստ է Մասնակցելու Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղիի Աշխատանքներուն. Ռոհանի

Աշխարհ, Հայաստան

Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի կ՛արձանագրէ, որ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր երկու երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու ականատեսը եղած են` յոյս յայտնելով, որ Հայաստանի նոր կառավարութեան գործունէութեան ընթացքին եւս ականատես պիտի ըլլան այդ յարաբերութիւններու զարգացման: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, Իրանի նախագահը այս մասին ըսած է Թեհրանի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին:

«․․․Հանդիպման ընթացքին ձեռք բերած ենք լաւ համաձայնութիւններ` տարբեր ուղղութիւններով:  ․․․Այսօրուան հանդիպման ընթացքին բանակցութիւններ ունեցանք երկկողմ, տարածաշրջանային յարաբերութիւններու եւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող տարբեր հարցերու շուրջ: Պարոն վարչապետին հետ հանդիպման ընթացքին մենք գոհունակութիւն յայտնած ենք Իրանի նկատմամբ անարդար պատժամիջոցներու հետ կապուած Հայաստանի դիրքրոշման առնչութեամբ: Մեր երկու երկիրներուն նպատակն է, որպէսզի աշխատանքները առաջ տանինք ըստ մեր շահերու եւ թոյլ չտանք, որպէսզի որեւէ երրորդ երկիր միջամտէ այդ աշխատանքներուն եւ համագործակցութեան:

«Մեր երկու երկիրներու միջեւ շատ լաւ համագործակցութիւն ձեւաւորուած է, առկայ են բարձր մակարդակի քաղաքական, մշակութային յարաբերութիւններ, համագործակցութիւն կրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: Մենք կը ցանկանք, որ միւս ոլորտներու մէջ ալ համագործակցութիւնը ըլլայ բարձր մակարդակի վրայ», – ըսած է Ռոհանի։

Իրանի նախագահը ընդգծած է, որ Տնտեսական համագործակցութեան առումով առկայ է մեծ ներուժ, որ պէտք է աւելի լաւ օգտագործել: Ուժանիւթի ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ կ՛իրականացուի կազ ելեկտրականութեան դիմաց խոշոր ծրագիր: Նաեւ բանակցութիւններու ընթացքին խօսուած է Մեղրի ջրաելեկտրակայանի աշխատանքներուն:

Ըստ նախագահին՝ թեմաներէն մէկը կը վերաբերէր Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի աշխատանքներուն: Իրանական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու այդ ծրագրին:

«Մեր ուշադրութեան կեդրոնին է նաեւ փոխադրութեան համակարգին մէջ դիւրացումներու իրականացումը, մասնաւորապէս, բեռնատարներու երթեւեկութեան ուղղութեամբ: Անդրադարձանք  նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին:  Իրանական կողմը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ այդ ոլորտին մէջ համագործակցել, զարգացնել սպանդանոցներու գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ, խթանել անասնապահութեան ոլորտի մէջ գործակցութիւնը:

Քննարկումներուն միւս թեման կը վերաբերէր տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին: Հաշուի առնելով մեր միջեւ լաւ համագործակցութիւնը` կը յայտնենք մեր պատրաստակամութիւնը զարգացնելու այդ ուղղութեամբ կապերը»,  յայտնած է Իրանի նախագահ Ռոհանի: