Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցան Հայ-Իրանական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

Աշխարհ, Հայաստան

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան թագաւորական «Սաատապատ» պալատին մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հանդիպումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի մամլոյ ծառայութիւնը, նեղ կազմով հանդիպման յաջորդած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները:

Հասան Ռոհանին շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ վարչապետին իր հրաւէրը ընդունելու, Իրան այցելելու համար: «Բարի գալուստ Իրան: Կը շնորհաւորեմ Ձեզ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու առիթով, որոնք դրսեւորուեցին ժողովրդավարական ճանապարհով: Մեր պատմական յարաբերութիւնները միշտ եղած են բարեկամական եւ մենք կը ցանկանք ատոնք առաւել ամրապնդել ու զարգացնել: Իրան մշտապէս  կը ցանկայ իր հարեւաններուն, մասնաւորապէս, Հայաստանի հետ ունենալ լաւ յարաբերութիւններ եւ շարունակել ատոնք: Համոզուած եմ, որ Ձեր այցը Իրան պիտի նպաստէ երկկողմ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման»:

Վարչապետ Փաշինեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է պարոն Ռոհանիին հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար` աւելցնելով, որ Իրանը մօտ է Հայաստանի ոչ միայն աշխահագրական, այլ նաեւ բարեկամական կապերով եւ վերջին իրադարձութիւններէն ետք  Իրանի հետր յարաբերութիւններու համար նոյնպէս նոր հնարաւորութիւններ բացուած են,  եւ իրենց ունին քաղաքական կամք ատոնք իրացնելու համար։

Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Իրան կ՛այցելէ երրորդ անգամ ըլլլաով` առաջինը տեղի ունեցած է որպէս լրագրող, երկրորդը` որպէս պատգամաւոր, երրորդը` որպէս վարչապետ: Նիկոլ Փաշինեան նշած է Իրանի մէջ տեղի հայութեան նկատմամբ առկայ ջերմ վերաբերմունքի փաստը: «Ատիկա եւս կ՛ամրապնդէ մեր բարեկամական վերաբերմունքը Իրանի նկատմամբ: Մեր առանձնազրոյցի ընթացքին քննարկեցինք կարեւոր հարցեր, յոյս ունիմ, որ այս այցի ընթացքին այդ հարցերէն մէկ մասի լուծումներուն պիտի կարենանք հասնիլ»,- ըսած է վարչապետը:

Հասան Ռոհանի համոզում յայտնած է, որ երկու կողմերու քաղաքական կամքը բաւարար է, որպէսզի հայ-իրանական յարաբերութիւնները շարունակեն ամրապնդուիլ:

Կողմերը համոզուած են, որ յետագային Հայաստանն ու Իրանը ոչ միայն պիտի պահպանեն փոխվստահութեան վրայ հիմնուած բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները, այլեւ պիտի ընդլայնեն ու կը խորացնեն:

ՀՀ վարչապետն ու Իրանի նախագահը երկկողմ տնտեսական օրակարգի կարեւոր ծրագիրներէն համարած են Իրան-Հայաստան 400 քիլօուաթ լարման ելեկտրահաղորդման 3-րդ գիծի կառուցման ծրագիրը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելցնել երկու երկիրներու միջեւ ելեկտրականութեան եւ կազի փոխանակման ծաւալները` նպաստելով թէ՛ երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, թէ՛ այս բնագաւառին մէջ տարածաշրջանային համագործակցութեան ընդլայնման:

Կողմերը մեծապէս կարեւոր համարած են նաեւ Մեղրիի ջրաելեկտրակայանի ծրագրի իրականացումը եւ պայմանաւորուած յառաջիկային այդ ուղղութեամբ իրականացնել գործնական քայլեր:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները չեն համապատասխաներ քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին: Անոնք անհրաժեշտ համարած են առաւելագոյն չափով երկկողմ առեւտրա­շրջանառութեան ծաւալները մեծցնել եւ փոխադարձ ներդրումները աշխուժացնել:

Այդ առումով, Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է ՀՀ կառավարութեան քայլերուն, որոնք ուղղուած են ներդրումային միջավայրը առաւել նպաստաւոր եւ գրաւիչ դարձնելուն:

Երկկողմ եւ տարածաշրջանային առեւտրատնտեսական կապերը աշխուժացնելու տեսանկիւնէ կարեւոր համարուած է ԵԱՏՄ-Իրան ստորագրուած համաձայնագրի վաւերացումը խորհրդարաններու կողմէ: Փաշինեան եւ Ռոհանի համոզուած են, որ այդ համաձայնագիրը նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ երկու երկիրներուն առեւտրատնտեսական յարա­բե­րու­թիւնները առաւել խթանելու համար: Անոնք կարծիք յայտնած են, որ համաձայնագրի լիարժէք ուժի մէջ մտնելէ ետք օգտակար պիտի ըլլայ Երեւանի եւ Թեհրանի մէջ կազմակերպել հայկական եւ իրանական արտադրանքի ցուցահանդէս-վաճառք, կազմակերպել գործարար ֆորում:

Հայաստանի եւ Իրանի համագործակցութեան կարեւոր ոլորտներէն կը համարուի միջազգային փոխադրութեան միջանցքներու զարգացումը, Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի ծրագրի առանձին հատուածներու կառուցման ուղղութեամբ իրանական կողմի հնարաւոր մասնակցութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան խթանման ու Հայաստանէն Իրան մսամթերքի արտահանման ծաւալներու աւելացման հնարաւորութիւններուն:

Կողմերը մտքեր փոխանակած են նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, առողջապահութեան, մասնաւորապէս, դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան, բնապահպանութեան եւ մարդասիրական մարզերու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ հայ-իրանական համագործակցութիւնը կը նպաստէ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման եւ աւելցուցած, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Իրանի հաւասա­րա­կշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգա­վորման հարցին շուրջ:

Փաշինեան եւ Ռոհանին համակարծիք են, որ ԼՂ հիմնահարցի համապարփակ եւ տեւական կարգաւորումը հնարաւոր է բացառապէս խաղաղ ճանապարհով` հիմնախնդրի հարցով զբաղուող միջազգային ճանչցուած միակ կառոյցի` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափով:

Հանդիպման աւարտին երկու երկիրներու առաջնորդները յանձնարարած են Հայաստանի եւ Իրանի կառավարութիւններու պատասխանատուներուն` ըստ ոլորտներու շարունակել  աշխոյժ քննարկումները` մինչեւ միջկառավարական գալիք նիստը ատոնք յստակ պայմանաւորուածութիւններու վերածելու նպատակով: