Իրանի Շուրջ Վերջին Իրադարձութիւնները Կը Մտահոգեն նաեւ Հայաստանը. Նիկոլ Փաշինեան` Պատժամիջոցներու Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստան կը հետեւի Իրանի շուրջ ծաւալող բոլոր իրադարձութիւններուն, քանի որ այդ երկիրը Հայաստանի կարեւոր գործընկերներէն մէկն է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, Իրան այցին ընդառաջ IRNA գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` պատասխանելով հարցումին, թէ ի՞նչ դիրքորոշում ունի Հայաստանը ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու հարցին շուրջ:

Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստան առաջին երկիրներէն մէկն էր, որ 2015-ին ողջունեց Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ համաձայնութեան ձեռքբերումը, քանի որ Հայաստանը ղեկավարուած է այն տեսլականով, թէ ինչպիսի հնարաւորութիւններ կը բացուին տարածաշրջանային կայունութեան եւ համագործակցութեան առումով:

«Իրան Հայաստանի կարեւոր գործընկերն է: Մենք կը հետեւինք Իրանի շուրջ ծաւալող բոլոր իրադարձութիւններուն: Բնականաբար, Իրանի շուրջ վերջին իրադարձութիւնները կը մտահոգեն նաեւ մեզ: Այս պայմաններուն մէջ Հայաստան կը շարունակէ համակարգուած աշխատիլ, վարել բաց երկխօսութիւն եւ իրանական կողմին, եւ գործընթացին մէջ ներգրաւուած միւս կողմերուն հետ: Մենք յստակ կը ներկայացնենք մեզի անհանգստացնող խնդիրները, մեր մտահոգութիւնները եւ մեր դիրքորոշումը: Մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի կառուցողական դիրքորոշումը կրնայ դրական գործօն ըլլալ խնդիրներու լուծման որոշումներու որոնման հարցով»,- ըսած է Փաշինեան:

Փետրուար 27-ին մեկնարկած է վարչապետ Փաշինեանի այցը Իրան: