Չարենցի Կարսի Տունը Քանդած են

Էրկիր

«Համշէն Թուր» զբօսաշրջային կազմակերպութեան տեղեկութիւններով Կարսի մէջ քանդած են Եղիշէ Չարենցի տունը։ “Մեր օրեր հասած կիսականգուն շէնքը, ուր տարեկան կ՛այցելէին հազարաւոր հայեր՝ մեծանուն բանաստեղծին յարգանքի տուրք մատուցելու, մասնագէտներու կարծիքով Չարենցի նկարագրած անտաշ քարով ու գետի ափին կառուցուած տունն էր: Մեզի հասած լուսանկարներով՝ շէնքը օրերս ամբողջովին քանդած են: Մանրամասները կը ճշդենք», գրած է զբօսաշրջային ընկերութիւնը դիմատետրի իր էջին վրայ :

Եղիշէ Չարենց ծնած է Կարս, 1897-ին, բազմազաւակ ընտանիքի մէջ: 1908-ին ընդունուած է Կարսի վարժարան:1914-ին լոյս տեսած է գրողին «Չարենց» գրական կեղծանունով «Տխուր ու գունատ աղջկայ 3 երգերը…» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն: Ազգային ազատագրական պայքարն ու Առաջին համաշխարհային պատերազմը Չարենցի մէջ կը սպաննեն պատանեկան երազները: Ան կամաւոր կը միանայ Արեւմտեան Հայաստանը զաւթիչներէն ազատել շտապող մարտիկներուն: Այդ տարիներուն ան կը ստեղծէ իր լաւագոյն գործերէն մէկը` «Դանթէական առասպելը», որ կը նկարագրէ 20-րդ դարասկիզբի պատերազմի սարսափները:

1915-ին Չարենցը կը մեկնի Մոսկուա` Շանեաւսկիի համալսարան՝ ուսումը շարունակելու: 1919-ին կը վերադառնայ Երեւան եւ կը դասաւանդէ դպրոցի մէջ: Այդ տարի Թիֆլիսի մէջ լոյս կը տեսնէ «Ամբոխները խելագարուած» հանճարեղ պոէմը:

1921-ին Եղիշէ Չարենց կ՛ամուսնանայ Արփենիկ Տէր Աստուածատրեանի հետ: Վերջինս ծանր յղիութեան հետեւանքով 1927-ին կը մահանայ: Կնոջ յիշատակին Չարենցը բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ գրած է: 1931-ին նորէն կ՛ամուսնանայ: Շատ չանցած կինը` Իզապելա Նեազովան, անոր կը պարգեւէ դուստր, որուն Արփենիկ կը կոչեն, իսկ 1935-ին կը ծնի անոնց 2-րդ դուստրը` Անահիտը:

1936-ի Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն կը սկսին հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնները: Եղիշէ Չարենցին Սեպտեմբերին տնային կալանքի կ՛ենթարկեն` մեղադրելով ահաբեկչութեան եւ ազգայնականութեան մէջ: Բոլոր գրախանութներէն կը վերացնեն անոր գիրքերը, իսկ նորերու հրատարակումը` կը դադրեցուի: Կը սկսին ընտանիքի հանդէպ ճնշումները:

Որոշ ժամանակ անց բանաստեղծը կը ձերբակալեն եւ հակասովետական գործունէութիւն իրականացնելու շինծու մեղադրանք կը ներկայացնեն: Շատ չանցած` 1937-ի Նոյեմբեր 27-ին, Եղիշէ Չարենց իր մահկանացուն կը կնքէ երեւանեան բանտերէն մէկու հիւանդանոցին մէջ: Ըստ պաշտօնական վարկածի` դիահերձումը ցոյց տուած է, որ մահուան պատճառը չափազանց տկարացած առողջական վիճակը եղած է, որուն համար հիմք ծառայած են բազմաթիւ հիւանդութիւնները: Չարենցի վերջին հանգրուանը յայտնի չէ: