Մենք Հայերը Ետ Չենք Ուղարկեր Այստեղէն. Էրտողան

Աշխարհ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կրկին խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան ու իրենց երկրին մէջ ապրող հայերուն մասին: Ան ելոյթ ունեցած է Պոլսոյ մէջ իրականացուող Պուտափեշտեան գործընթացի 6-րդ համաժողովին, որուն մասնակցած են նախարարներու մակարդակով ժամանած տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Anadolu Ajansı-ը։

Գաղթականութեան թեմայով ելոյթին ժամանակ՝ Էրտողան նախ յայտարարած է, որ Թուրքիան վերջին տարիներուն ապաստան տուած է 4 միլիոն փախստականի, որոնց 3.6 միլիոնը սուրիացիներ են: Այս ծիրէն ներս՝ Էրտողան անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերու հարցին, ըսելով՝

«Սուրիայէն, ուր 2011-էն մինչեւ այսօր բախումներ կ՝ընթանան, մեր երկրին մէջ ապաստանած ոեւէ մէկը ստիպողաբար ետ չենք ուղարկած: Արամէացիները ետ չենք ուղարկած, քրիստոնեաները՝ նոյնպէս: Միւս կողմէն հայերն ալ ետ չենք ուղարկած: Այս պահուն Թուրքիոյ մէջ կ՝ապրի մօտ 100 հազար հայ, որուն շուրջ 40 հազարը Թուրքիոյ քաղաքացիներ են: Միւսները քաղաքացի չեն, սակայն մեր երկրէն չենք արտաքսեր, քանի որ Թուրքիա եկել են իրենց երկրին մէջ ունեցած դժուարութիւններուն պատճառով»:

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելով՝ Էրտողանը կրկնած է, որ թուրք ազգը որեւէ այլ ցեղախումբի նկատմամբ ցեղասպանութիւն չէ իրագործած:

«Հիմա աշխարհի մէջ ու յատկապէս Եւրոպայի մէջ, այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան անուան տակ որոշակի քարոզչութիւն կ՝իրականացուի: Մենք ալ կ՝ըսենք, որ ատիկա պատմաբաններու գործն է, եւ թող անոնք քննարկեն ու լուծեն ատիկա: Մեր ամբողջ կեանքի, պատմութեան ընթացքին այս ազգը երբեք որեւէ ցեղական տարրի նկատմամբ ցեղասպանութիւն չէ իրագործած»:

Ըստ Էրտողանի՝ Թուրքիան ընդունած է տարբեր երկիրներու վարչաձեւերու կամ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ հալածուած փախստականներ՝ առանց հաշուի առնելու անոնց ազգային կամ կրօնական պատկանելիութիւնը։