Փետրուար 20-ին Արցախի Մէջ «Օդային Տագնապ» Ազդանշանով Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Մարզում Պիտի Իրականացուի

Հայաստան

Փետրուար 20-ին, Արցախի Հանրապետութեան մէջ պիտի իրականացուի քաղաքացիական պաշտպանութեան մարզում՝ «ԱՀ քաղաքացիական պաշտպանութեան կառավարման կէտերու եւ բնակչութեան գործողութիւնները «Օդային տագնապ» եւ «Օդային տագնապի աւարտ» ազդանշաններ տրուելու պարագային» թեմայով:

ԱՀ ԱԻՊԾ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ այդ առիթով այսօր արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան (ԱԻՊԾ) տնօրէն, զօրավար-հրամանատար Լեւոն Մնացականեան իրականացուցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն:

Մարզումը բարձր մակարդակով իրականացնելու եւ իրականացուող ձեռնարկները սահմանուած կարգով վերահսկելու նպատակով՝ ԱԻՊԾ տնօրէնը խորհրդակցութեան մասնակիցներուն հետ քննարկած է մարզման նախապատրաստական, կազմակերպչական, ինչպէս նաեւ ծառայութեան եւ տարբեր գերատեսչութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: