Այսօր Արցախեան Ազատամարտի Հերոս Կարօտ Մկրտչեան Կը Դառնար 55 Տարեկան

Հայաստան

Շահումեանէն ետք Ղարաբաղի դարպասը բաց պիտի մնայ: Ոչ մ՛էկ պարագային պէտք է թոյլ տալ, որ ատրպէյճանցիները տիրէն ու ամրապնդուին այդ դիրքերուն մէջ:

Արցախեան ազատամարտի հերոս Կարօտ Յովհաննէսի Մկրտչեանը (Ջամպազի արծիւ) ծնած է 1964-ի Փետրուար 19-ին Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքին մէջ: Հայրենադարձուելով` հասակ առած է Պռոշեան գիւղին մէջ։ Ան առաջիններէն էր, որ համալրեց Հայաստան վերադարձած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը:

Կարօտ Արցախեան շարժման առաջին իսկ օրերէն նուիրուած է Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան եւ Արցախի գոյապայքարին: 1989-էն եղած է Պռոշեանի դաշնակցական ջոկատներու ընդհանուր հրամանատարը: 1990 թուականին անոր խումբը կը մեկնի Հիւսիսային Արցախ, ուր Շահէն Մեղրեանի հրամանատարութեամբ կը համալրէ Շահումեանի պաշտպանական ուժերը:

Կարօտը, բացի զինամթերքի հայթայթումէն, իր մարտական ընկերներուն` Պետոյի եւ Հրաչ Մուրադեանի հետ շրջանի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու համար տեղի ուժերէն կը ստեղծէ նոր մարտական խումբեր: 1991-ի Ապրիլ 18-ին Պռոշեանի, Բաղրամեանի, Հրազդանի ջոկատները կը միանան Գետաշէնի` Թաթուլ Կրպէյեանի հրամանատարութեան տակ գտնուող խումբերուն: Սիմոն Աչիկգեօզեանի հրամանատարութեամբ գործող ջոկատը համալրելու համար Կարօտի խումբը կը տեղափոխուի Մարտունաշէնի դիրքեր: 1991-ին Կարօտը կը նշանակուի Ստեփանակերտի` Աշոտ Ղուլեանի 1-ին վաշտի, գրոհային դասակի հրամանատար: Պռոշեանի ջոկատը, Կարօտի եւ Պետոյի հրամանատարութեամբ, կը մեկնի Շահումեան ու տեղի ինքնապաշտպանական խումբերու համագործակցութեամբ կը ստանձնէ Բուզլուխի պաշտպանութիւնը:

Յունիս 13-ին ատրպէյճանցիներու եւ Գեանջայի (Կիրովապատ) շրջանին մէջ տեղակայուած ռուսական յատուկ նշանակութեան զօրաբաժիններէն մէկու գերազանցող ուժերուն դէմ մղուած անհաւասար եւ հերոսական մարտը վերջինը եղաւ Կարօտի համար: Գերազանց գիտենալով, որ բարձունքներուն վրայ արդէն թշնամիի հարիւրաւոր զինուորներ են, Կարօտը կատարեց զարմանահրաշ քայլ մը` վճռելով բարձրանալ իրենց նախկին դիրքերը: Անոր կատարած այդ քայլը հաւասարազօր էր ինքնակամ նահատակութեան: Կարօտի անհետանալը Շահումեանի մէջ ցոյց տուաւ անոր` թշնամիին դէմ կանգնելու ու պայքարելու վճռականութիւնը եւ պայքարելու անկոտրում կամքը:

Ծնունդդ շնորհաւոր, Կարօ’տ: