«Մահապարտ» ԱԹՍ-ներ Արտադրող Իսրայէլական Aeronautics-ը 13 Միլիոն Դոլարի Պայմանագիր Կնքած է Ատրպէյճանի Հետ

Աշխարհ

Արտահանման արտօնագիրներու վերականգնումէն երկու շաբաթ անց իսրայէլական Aeronautics  ընկերութիւնը յայտարարած է, որ մրցոյցթով՝ բազմամիլիոնանոց պայմանագիր կնքած է Ատրպէյճանի հետ:

Ինչպէս կը յաղորդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով The Jerusalem Post-ը, երկամեայ ժամկէտով պայմանագրի արժէքը 13 միլիոն տոլար է, որ պիտի տրամադրուի ընկերութեան նախապէս Ատրպէյճանին վաճառուած Orbiter 1K անօդաչու թռչող սարքերու տեխնիկական սպասարկման:

Ըստ աղբիւրին՝ Orbiter 1K «Մահապարտ» ԱԹՍ-ն կրնայ 1-2 քկ․ պայթուցիկ տանիլ եւ մինչեւ երեք ժամ օդի մէջ մնալ: Բազմազգայական (multi-sensor) տեսախցիկով համալրուած սարքը կ՛արձակուի պարսատիկով, որմէ ետք ան կը զննէ տարածքը, կը գտնէ ու կ՛ոչնչացնէ շարժող ու անշարժ թիրախը: Իսկ եթէ սարքը թիրախը չգտնէ, կը վերադառնայ ռազմակայան: