Ղարաբաղեան Հակամարտութիւնը Կրնայ Կարգաւորուիլ Միայն Ատրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան Ծիրէն Ներս․ Ալիեւ

Աշխարհ, Հայաստան

Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կրնայ կարգաւորուիլ միայն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրէն ներս: Այդ մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Ալիեւ աւելցուցած է նաեւ, որ այժմ աշխարհի մէջ իշխող կը դառնայ ուժի գործօնը` «ով ուժեղ է, ան ալ իրաւացի է»:

«Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի անբաժան մասն է եւ հակամարտութեան կարգաւորումը հնարաւոր է միայն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրէն ներս: Ատրպէյճան երբեք չի հաշտուիր իր հողերու գրաւման հետ»,- ըսած է Ալիեւ Real TV-ին տուած հարցազրոյցիժամանակ, կը տեղեկացնէ Interfax.az-ը:

«Ատրպէյճան այսօր առաւելութիւն ունի ինչպէս բանակցային սեղանին վրայ, այնպէս ալ մարտի դաշտին վրայ»,- ըսած է ան:

Ալիեւ աւելցուած է, որ ՀՀ նոր իշխանութիւնները սկզբնական փուլին հանդէս կու գային «հակասական յայտարարութիւններով», օրինակ՝ կ՛ըսէին, որ Ատրպէյճան պէտք է բանակցի Լեռնային Ղարաբաղի հետ: «Սակայն հայկական կողմին այդ դիրքորոշումը հաւանութիւն չստացաւ ոչ Ատրպէյճանէն, ոչ ալ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներէն: Այսօր բանակցութիւնները կ՛ընթանան Ատրպէյճանի եւ ՀՀ ԱԳՆ ղեկավարներու միջեւ, բանակցութիւններու քանի մը փուլ տեղի ունեցած է»,- ըսած է ան: