Չենք Պաշտպաներ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Միջեւ Համագործակցութիւնը Սուրիոյ Մէջ. ԱՄՆ Պետքարտուղարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան

Չենք պաշտպաներ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութիւնը Սուրիոյ մէջ: Այս մասին Սուրիա հայ մասնագէտներու խումբ ուղարկելու վերաբերեալ Aysor.am-ի  հարցման ի պատասխան նշուած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան տրամադրած պատասխանին մէջ:

«Մեզի հասկանալի է Սուրիոյ մարդասիրական իրավիճակին արձագանգելու այլ պետութիւններու ցանկութիւնը, եւ մենք կը կիսենք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան շուրջ մտահոգութիւնները»,- ըսուած է  պատասխանին մէջ:

«Այնուհանդերձ, մենք չենք պաշտպաներ Սուրիոյ զինուած ուժերու հետ ներգրաւուածութիւնը` ըլլայ քաղաքացիական անձերու օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով, թէ ռազմական ուղղուածութեան:

«Մենք նաեւ չենք պաշտպաներ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութիւնը այս առաքելութեան նպատակով: Ռուսիա գործակցած է Ասադի վարչակարգին հետ` կոտորածի ենթարկելով քաղաքացիներ եւ պատճառ դառնալով մարդասիրական աղէտի: Ռուսիա կը շարունակէ համաշխարհային հարթակի վրայ հանդէս գալ Ասատի վարչակարգին եւ վերջինիս վայրագութիւններու պաշտպանութեան դիրքերէն», – ըսուած է ԱՄՆ Պէտքարտուղարութեան պատասխանին մէջ:

Յիշեցնենք` Փետրուար 8-ին Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով մարդասիրական ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած խումբը (ընդհանուր` 83 անձ) ժամանած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը:

Այս քայլը մտահոգութիւն յառաջացուցած է փորձագէտներու եւ որոշ քաղաքական ուժերու շրջանակին մէջ: