«ԵԽ Անդամ Երկիրներու Մէջ 130 Ազատազրկուած Լրագրող Կայ, Որոնց 110-ը՝ Թուրքիոյ Մէջ». Զեկոյց

Uncategorized

Եւրոպայի խորհուրդը Փետրուար 12-ին հրապարակած է շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու հետ համատեղ կազմուած մամուլի ազատութեան վերաբերեալ զեկոյցը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով demokrathaber.org-ը։

Զեկոյցը կ՝արձանագրէ, որ Թուրքիան աշխարհի մէջ ամէնաշատ ազատազրկուած լրագրողներ ունեցող երկիրն է։ Ընդհանուր առմամբ՝ 2018-ի աւարտի դրութեամբ՝ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու մէջ ազատազրկուած լրագրողներուն թիւը 130 է։ Ի դէպ, անոնցմէ 110-ը կը գտնուի թրքական բանտերու մէջ։

Ըստ զեկոյցին՝ 2016 Յուլիսին Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուելէ ետք եւ մինչ օրս այս երկրին մէջ առնուազն 200 լրագրող ձերբակալուած է։

«Հակառակ անոր, որ 2018-ի Յուլիսին երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը դադրեցուած է, այնուամենայնիւ, Թուրքիան կը շարունակէ մնալ երկիր մը, ուր բանտարկուած են ամենամեծ թիւով լրագրողներ։ Անիկա նաեւ աշխարհի ամենայետադիմական երկիրներէն մէկն է՝ խօսքի եւ մամուլի ազատութեան տեսակէտէն»,- ըսուած է զեկոյցին մէջ։

Մինչդեռ 2 ամիս առաջ՝ «BBC»-ին հարցազրոյց տուած Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Կիւլնուր Այպեթը պնդած էր, որ թրքական բանտերուն մէջ «լրագրողական գործունէութեան պատճառով» դատապարտուած ոեւէ լրագրող չկայ։

Արձանագրուած է նաեւ, որ 2018-ի ընթացին Եւրոպայի խորհուրդի անդամ 32 երկրէ 140 լուրջ իրաւախախտման վերաբերեալ հայցեր ներկայացուած են Խորհուրդի եւ 12 միջազգային իրաւապաշտպան ընկերութեան կողմէ համատեղ հիմնուած «Լրագրութեան պաշտպանութեան եւ լրագրողներու անվտանգութեան ծրագիրին»։ Նշուած է, որ 2018-ին աշխարհի մէջ սպաննուած է 17 լրագրող, որոնց 2-ը՝ Թուրքիոյ մէջ։

2018-ի ընթացքին Թուրքիոյ եւ Եւրոպական խորհուրդի 7 այլ երկիրներու մէջ մամուլի նկատմամբ կիրառուած են այնպիսի ճնշումներ, ինչպէս լրատուամիջոցներու գործունէութեան սահմանափակումներն ու կասեցումը, համացանցային կայքերու արգելափակումերը, արտասահմանեան ֆինանսաւորում ստացող լրատուամիջոցներու՝ իբրեւ «արտասահմանեան գործակալներ» պիտակաւորումը։ Թուրքիան նաեւ այն 4 երկիրներէն մէկն է, ուր մամուլի ազատութիւնը ապրած է ամենամեծ յետընթացը, իսկ լրագրողներու դէմ ուղղուած յանցագոործութիւններուն թիւը աճած է։