Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Կողմէ Մարդասիրական Առաքելութիւն Կ՛իրականացուի Օրէնքի Տառին Համաձայն

Աշխարհ, Հայաստան

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ մարդասիրական առաքելութիւն կ՛իրականացուի օրէնքի տառին համապատասխան: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, ՀՀ ՊՆ վարչական շէնքի մամուլի սրահին մէջ Կիպրոսի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սաւաս Անգելտիսի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Սուրիոյ հետ մեր համագործակցութեան վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ եղած է գրաւոր խնդրանք Սուրիոյ իշխանութիւններէն: Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ մարդասիրական առաքելութիւն կ՛իրականացուի օրէնքի տառին համապատասխան»,-ըսած է Տօնոյեան:

Նախարարը նշած է նաեւ, որ եթէ տեղի ունենան այնպիսի հանգամանքներ եւ  անհրաժեշտութիւն ըլլայ նաեւ ռազմական գործողութիւններու մասնակցելու, Հայաստան անպայման ատիկա պիտի ընէ օրէնքի տառին համապատասխան: «Ի հարկէ, միեւնոյն ժամանակ պիտի աշխատինք համագործակցիլ արտախորհրդարանական ուժերու հետ` այդ հարցով որոշում կայացնելու ժամանակ»,- ըսած է Տօնոյեան:

Կիպրոսի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սաւաս Անգետիս համոզուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաջողութիւն պիտի ունենան Սուրիոյ մէջ իր առաքելութեամբ:

Սուրիոյ ժողովրդին մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով Փետրուար 8-ին մարդասիրական ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած խումբը, ընդհանուր` 83 անձ, մեկնած է Սուրիոյ  Հալէպ քաղաքը: