Նիկոլ Փաշինեան Կարեւորագոյն Հարց Կը Համարէ Սփիւռքը Ներկայացնող Միասնական Կառոյցի Ստեղծումը

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չափազանց կարեւոր կը համարէ Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի յարաբերութիւններուն մէջ էական փոփոխութիւններ մտցնելը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, ՀՀ վարչապետը այս մասին ըսած է Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու  ընթացքին. «Ինչպէս գիտէք, կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութիւնը իրականացնելու ատեն մենք նկատի կ՛առնենք ոչ միայն ֆիզիկական կառուցուածքի փոփոխութիւնները, այլեւ գործառոյթային փոփոխութիւնները։ Մեր կարծիքով պետական կառավարման համակարգին մէջ իւրաքանչիւր կառոյց պէտք է իրականացնէ մէկ գործառոյթ, որովհետեւ եթէ միեւնոյն գործառոյթը կ՛իրականացնեն քանի մը կառոյցներ, կրնանք ըսել, որ այդ գործառոյթները փաստօրէն չեն իրականացուիր: Ընդհանուր առմամբ, երբ որոշեցինք, որ Հայաստանը պէտք չէ ունենայ սփիւռքի նախարարութիւն դրդապատճառներէն մէկը ասիկա էր, որովհետեւ սփիւռքի նախարարութեան մէջ իրականացուէին գործառոյթներ, որոնք կ՛իրականացուէին այլ նախարարութիւններու կողմէ: Խօսքը կրթական, մշակութային, երիտասարդական, կազմակերպական գործառոյթներու մասին է: Եւ ասոր փոխարէն, կարեւոր գործառոյթներ, որոնք պէտք է իրականացուին սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու տեսակէտէ, ըստ էութեան, չէին իրականացուեր:

Ես կ՛ուզեմ արձանագրել, որ կառավարութիւնը միտուած է կառավարութեան կառուցուածքին մէջ չունենալ սփիւռքի նախարարութիւն: Ասոր փոխարէն  վարչապետի աշխատակազմին մէջ մենք պիտի ունենանք սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար, որ վարչապետի անունէն եւ յանձնարարութեամբ պիտի իրականացնէ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ վարչապետի յանձնարարութեամբ պիտի համակարգէ նախարարութիւններու աշխատանքը սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ` միեւնոյն ժամանակ ապահովելով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու բաւական բարձր եւ պատշաճ մակարդակ»,- նշած է ան:

Ըստ անոր`  այս տրամաբանութեան մէջ կառավարութիւնը սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ իր առջեւ դրած է երկու խնդիր, որ պէտք է անուանել յեղափոխական: Առաջինը` որքան ալ զարմանալի է, մենք անկախութեան առաջին օրերէն սկսեալ խօսելով սփիւռքի ներուժի մասին` մինչեւ այսօր չունինք սփիւռքի ներուժի քարտէսագրում: Մենք մինչեւ այսօր չենք գիտեր, թէ որ երկրին մէջ սփիւռքը ինչպիսի կարողականութիւն ունի, ազդեցութեան ինչպիսի միջավայր եւ ծաւալ: Հետեւաբար, այս ամբողջ համակարգը բաւարար չափով չէ կազմակերպուած եւ, եթէ նկատած էք` կառավարութեան գործունէութեան ծրագրին մէջ առանձնայատուկ տեղ յատկացուած է համահայկական ցանցի ստեղծման: Մենք պիտի ունենանք համակարգ մը, որ իր մէջ պիտի ներառի ամփոփ եւ կիրառելի ամենօրեայ տեղեկատուութիւն, թէ սփիւռքի որ հատուածին մէջ մենք ինչպիսի ներուժ ունենք, եւ այդ ներուժի հետ կառավարութիւնը ինչ համագործակցութիւն պէտք է իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական, քաղաքական, անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու առումով: Ի հարկէ, սփիւռքի նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի պարտաւորութիւններ եւ ծառայութիւններ, ու մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք ատոնք պատշաճ մակարդակով ապահովելու համար»,- ըսած է Փաշինեան:

Յաջորդ կարեւորագոյն խնդիրը եւ գործօնը սփիւռքը ներկայացնող միասնական կառոյցի եւ միասնական կազմակերպութեամբ կամ ձեւաչափի ստեղծումն է: «Մենք պէտք է կարենանք ձեւաւորել եւ ձեւակերպել յստակ հասցէ` արձանագրելու համար, թէ սփիւռքի հետ խօսելու համար մենք որուն հետ պէտք է խօսինք: Շատ հարցեր կան կառավարութեան, քաղաքական օրակարգին մէջ, երբ կ՛ըսուի, որ այս հարցերը պէտք է քննարկել սփիւռքի հետ, իսկ յստակ որո՞ւ հետ, որովհետեւ սփիւռքը շատ մեծ ծաւալներ ունի եւ շատ ընդգրկուն է: Կան հազարաւոր կազմակերպութիւններ եւ եթէ ֆիզիկապէս անոնց մէկ մասի հետ հնարաւոր է քննարկել, ապա միւս մասին եւ բոլորին հետ հնարաւոր չէ քննարկել: Եւ ամէն անգամ քննարկումներ սկսելու ատեն կ՛առաջանայ գայթակղութիւնը, որ սփիւռքի ինչ որ հատուած մը իրեն մեկուսացած կը զգայ գործընթացէն եւ կը համարէ, որ  կառավարութիւնը ընդհանրապէս իրեն հետ այդ հարցը չէ քննարկած: Հետեւաբար, մենք խնդիր ունինք ձեւաւորելու ամբողջ սփիւռքը ներկայացնող ինչ որ ներկայացուցչական կառոյց եւ մենք բոլորս կը հասկնանք, որ սա պիտի ըլլայ չափազանց մեծ մարտահրաւէր եւ լրջագոյն խնդիր, որովհետեւ գիտէք, որ սփիւռքը բազմաշերտ է, շատ բարդ է, այնտեղ կան բազմաթիւ յարաբերութիւններ, հակասութիւններ: Այսօր մենք ունինք նաեւ իրավիճակ, որ սփիւռքահայութեան մէկ զգալի հատուած դուրս մնացած է սփիւռքի կազմակերպման մեզի յայտնի եւ աւանդական շրջանակէն եւ մենք պէտք է այդ ներուժը կեդրոնացնենք եւ այդ ներուժի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու համար ստեղծենք հարթակ, յստակ հասցէ: Եւ երբ այդ հարթակին հետ տեղի ունենան քննարկումներ որեւէ հարցի մասին, կրնանք ըսել որ մենք օրինական իրաւունք ունինք ըսելու, որ այս հարցը քննարկուած, համաձայնեցուած է սփիւռքի հետ»: