Նոր Հայաստանի Շարժիչ Ուժը Պէտք է Մարդկային Միտքը, Իմացականութիւնն ու Նախաձեռնութիւնը Ըլլան. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովին կը ներկայացնէ ՀՀ կառավարութեան առաջիկայ հինգ տարիներուն ընելիքները: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ ՀՀ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանի հերթական նիստին ընթացքին՝ Փաշինեան կը ներկայացնէ ՀՀ կառավարութեան ծրագիրը:

«Մեր նպատակը ձեւակերպուած է ԱԺ ներկայացուցած ծրագիրին առաջին իսկ  պարբերութեան մէջ. «Առաջիկայ հինգ տարիներուն՝ ՀՀ կառավարութեան գործունէութիւնը միտուած պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բարձր արհեստագիտական, արդիւնաբերական, ինչպէս նաեւ բնապահպանական բարձր չափանիշներուն համապատասխանող, արտահանման միտուած մրցունակ եւ ներառական տնտեսութիւն կառուցելուն: Ասիկա կը նշանակէ, որ կառավարութեան հիմնական խնդիրը համախառն ներքին արդիւնքի կառուցուածքը փոխելն է այնպէս, որ հինգ տարի ետք մեր երկրի տնտեսութեան բառանշանները  դառնան արհեստագիտութիւններն ու արհեստագիտական նորարարութիւնները: Խօսքը արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող արհեստագիտութիւններու ընդարձակ կիրառման, ինչպէս նաեւ նոր արհեստագիտութիւններու ստեղծման կամ առնուազն անոնց ստեղծման էական մասնակցութիւն ունենալու, ինչպէս նաեւ բարձր արհեստագիտական հմտութիւններու, արտադրանքի եւ ապրանքներու թողարկման, արտահանման եւ կիրառման այնպիսի ծաւալներու հասնելուն մասին է, որ արհեստագիտատար այս ոլորտները դառնան Հայաստանի տնտեսութեան հիմնական բնորոշիչը»,- ըսաւ Փաշինեան:

ՀՀ վարչապետը նշեց, որ խօսքը բոլոր արհեստագիտութիւններուն մասին է:

«Կարճ խօսքով, մարդկային բոլոր ընդունակութիւններէն նոր Հայաստանի տնտեսութեան շարժիչ ուժը պէտք է ըլլայ առաջին հերթին մարդկային միտքը, իմացականութիւնը, նախաձեռնութիւնը»,- նշեց ան:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ տնտեսութեան բոլոր ճիւղերը պէտք է համապատասխանեն նաեւ բնապահպանական բարձր չափանիշներուն: