Մենք՝ Քաղաքացի Եւ Իրաւ Կամ Կեղծ Բնապահպանութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Լիբանանցի լրագրող մը, բիրտ իրապաշտութեամբ, ըսած էր, որ ապականումը (pollution) շատ աւելի մարդ կը սպաննէ քան ահաբեկչութիւնը: Աւելցնենք. ոչ միայն Լիբանանի մէջ: Հասկնալ՝ որ բնապահպանութեան համար պէտք է պայքարիլ:

Մենք՝ անհատ, քաղաքացի, հաւաքականութիւններ, երկիրներ, մոլորակ, գիտութիւն եւ ճարտարարուեստ, բնապահպանութեան անշրջանցելի հարց ունինք: Պատասխանատւութիւն՝ որպէսզի կապոյտ-կանաչ մոլորակը որպէս լուսնային անապատ չկտակենք գալիք սերունդներուն, ովկիանոսը դարձնելէ ետք ճահիճ, անտառները՝ անջրդի անապատ, օր մըն ալ անհետացուցած ըլլալու համար կեանքը՝ որուն վկան ալ պիտի չըլլանք:

Այս՝ աղէտի դիպաշար չէ:

Ի հարկէ այս աղէտին պատճառները մեծ կամ պզտիկ չեն: Բազմաթիւ են եւ գումարուող: Զանոնք կարելի չէ անհետացնել առանց կացութեան լիիրաւ գիտակցութեան, բոլորին ճիգերով անխտի՛ր: Բնութեան աղէտը կը դարմանուի եւ առաջքը կ՛առնուի համապարփակ քաղաքականութեան մը կիրարկումով, իսկ այսօր բարձրագոչ ժողովները կը խօսին մասնակի երեւոյթներու եւ մանրուքներու մասին, անզօրութեան տեսակ մը խոստովանութիւն: Խիղճ եւ հանրային կարծիք զգայազիրկ դարձնող:

Օր մը գիտական հաշիւ պէտք է ընել, ճշդելու եւ հասկնալու, որ դէպի անջրպետ արձակուած արբանեակներու համար ամէն տարի քանի հրթիռ կը գործածուի եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը եւ ապա հաւաքաբար որքան ջերմութիւն կ՛արտադրեն, որքանով կ՛ազդեն մոլորակի ջերմացման վրայ:  Արդէն հաշուած են, թէ ի՞նչ է ամէն օր թռիչք առնող օդանաւերու թիւը: 2014ին թռիչքներու թիւը եղած է 37,4 միլիոն, 2017ին 36,8: Աւելի պարզ գաղափար մը կազմելու համար, հաշուած են թէ իւրաքանչիւր երկվայրկեան որ կ՛անցնի 1,16 օդանաւ երկինք կը բարձրանայ: Պէտք է հաշուել թէ իւրաքանչիւր երկվայրկեան որ կ՛անցնի ի՞նչ քանակութեամբ ջերմութիւն կ՛արտադրուի  եւ բնածխային կազ կը մաղուի մոլորակին վրայ:

Աւելցուցէ՛ք հիւլէական փորձերը եւ ցարդ գործածուած երկու ռումբերը:

Աւելցուցէ՛ք մեր սպառողական եւ մսխումի տենդին աղբը, զոր չենք յաջողիր մաքրել, ծխախոտի կճատներէն մինչեւ կերպընկալ (փլասթիք) նիւթէ տոպրակները, տուփերը, սեղանները, պահարանները եւ այլ սարքեր:

Բայց կը խօսինք, որպէս նոր գիւտ ներկայացնելով շպարային-cosmetique առաջարկներ, ժողովներ կը զբաղեցնենք եւ լրատուամիջոցներուն նիւթ կը մատակարարենք: Իսկ շպարային-cosmetique դարմանները, որպէս առաջարկ եւ որպէս գործադրութիւն կարծէք պատիժ են համեստներու դէմ: Այսպէս, քննադատութեան թիրախ են մարդոց փոխադրամիջոցները, անոնց գործածած վառելանիւթը, բայց ոչ ոք կը յիշեցնէ 37 միլիոն թռիչքները, անոնց  սպառած թոներով վառելանիւթը, որ այս կամ այն ձեւով կ՛իջնէ մեր վրայ:

Մտածե՞լ այս տեսակ մը անձրեւի հետեւանքներուն մասին:

Այս մասին մտածել եւ անհանգստանալ՝ առաջին քայլն է բնապահպանութեան:

Հարկ է խօսիլ ծխախոտի գործածութեան, սպառման եւ վնասի մասին: Վնաս բնապահպանական եւ առողջապահական առումներով: Բարոյախօսութիւնը չի լսուիր, բայց թիւերը խօսուն են եւ յամառ: Այսպէս, մեր վտանգուած մոլորակին վրայ, ամէն օր 11 միլիառ սիկարէթ կ՛այրենք, այսինքն 127.314 գլանիկ իւրաքանչիւր երկվայրկեանի ընթացքին, տարեկան՝ 4.000 միլիառ: Ո՞ւր կ՛երթայ կճատներու աղբը: Որքա՞ն բնածխային կազ կ՛արտադրէ այրած ծխախոտը: Երբ կը խօսինք զանազան բնական աղէտներու մասին, պէտք է խօսինք մեր կողմէ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար գումարուող աղէտներու մասին, որոնցմէ խուսափիլ մեր հասողութեան սահմանին մէջ է:

Բնապահպանութիւնը նախ պէտք է ապրիլ անհատապէս, որպէս քաղաքացի, որպէս բնակիչ: Կը պատահի՞ որ տան աղբամանին մէջ նայինք, թէ ի՜նչ մսխում կայ հոն: Եթէ հաց գնելու պիտի երթանք կողքի փողոցը, ինչո՞ւ երկու քայլի յաւելեալ ճիգի չենք ըներ, ինչո՞ւ ինքնաշարժով կ՛երթանք, միթէ՞ ստիպուած ենք ամէն տարի քանի մը զոյգ կօշիկ գնել եւ քանի մը պայուսակ: Կաշիի պատրաստութիւնը ապականող է, «փլաստիք» կաշիի պատրաստութիւնը շատ աւելի: Նոյնն է պարագան ելեկտրոնային գործիքներու: Միայն 2016ին, աշխարհի մէջ արտադրուած է 44,7 միլիոն թոն ելեկտրոնային գործիքներու աղբ: Հաշուող եղած է, որ այդ աղբը հաւասար է 4.500 էյֆէլեան աշտարակի: Այդ աղբին մէջ կան յարգի մետաղներ, որոնց արժէքը կը գնահատուի աւելի քան 5 միլիառ եւրօ կամ տոլար: Այս մսխումին եւ ապականման, անպատասխանատուութեամբ եւ անտարբերութեամբ, հաւասարապէս մասնակից ենք: Փարիզ, Հայաստան, Լիբանան, եւ այլուր, հակառակ որոշ ճիգերու, յարաճուն եւ դիզուող աղբը ընդունուած երեւոյթ է, բայց կը խօսինք, կը գրենք, մեղսակից ենք, մենք մեզ կը համարենք բացառութիւն եւ կը շարունակենք ապականել:

Ինչ որ յիշեցի սառցակոյտին երեւցող մասն է: Դեռ պէտք է խօսիլ երկրի խոր ընդերքին մէջ թաղուած հիւլէական թափօններու, երկրագործութեան պարարտացուցիչներու եւ միջատասպաններու, քիմիական այն բոլոր նիւթերու մասին, որոնք ջուրին հետ կը հոսին եւ կ՛ապականեն ընդերկրեայ ջուրի պաշարները:

Բայց այս բոլոր հարցերը գիտնալով հանդերձ, պետութիւնները, միջազգային դրամատիրութիւնը եւ մարդիկ, ի գին ամէն բանի միլիառ տոլարի կամ եւրոյի տիրացման արշաւը կը շարունակեն: Ինձմէ ետք ջրհեղեղի եսապաշտութեամբ:

Ի տես եւ ի լուր այս բոլորին, ես ինծի հարց կու տամ, թէ ո՞ւր կը հասնին ժողովները: Միթէ՞ աւելի արդիւնաւոր պիտի չըլլար քաղաքացիական դաստիարակութեան ճամբով մղել բնապահպանութեան պայքարը:

Եթէ տարին մէկ օր միայն, համախոհութեամբ, որոշուի որ ոչ մէկ օդանաւ պիտի թռի, տարին մէկ օր միայն աշխարհի մէկ միլիառ ինքնաշարժները իրենց տեղը պիտի մնան… Թող մասնագէտները ըսեն թէ քանի թոն վառելանիւթ պիտի խնայուի, որքանով պիտի նուազին ապականումը եւ ջերմութիւնը: Այս նախաձեռնութիւնները ոչ սպառող օդանաւի եւ ոչ ալ ծախսալից մեծ ժողովներու կարիք ունին:

Բնապահպանութեան պայքարը բուրգին գագաթէն ուղղահայեաց կերպով պէտք չէ գայ, այլ հորիզոնական կերպով քաղաքացիական վերաբերումէն: Այդ ձեւով կը յառաջանայ քաղաքացիական գիտակցութիւն, որ կրնայ վերածուիլ պետական քաղաքականութեան, ինչո՞ւ ոչ՝ միջազգային քաղաքականութեան:

Այս պէտք է ըսել ժողովուրդին, այս պէտք է պահանջէ եւ ընէ ժողովուրդը, ինքզինք պարտադրելով իր իսկ կողմէ ընտրուած իշխանութիւններուն, որոնք իրեն հաշուետու են:

Եթէ մէկ միլիառ ինքնաշարժներ այս կիրակի դրան առջեւ մնան, եթէ այդ պատճառով հինգ լիթր վառելանիւթ խնայուի իւրաքանչիւրին կողմէ, հաշուեցէ՛ք, թէ քանի միլիոն թոն վառելանիւթ պիտի չայրի, որքան ջերմութիւն պիտի չարտադրուի, եւ հիւսիսի սառոյցը որքանով պիտի չհալի…

Լաւ կ՛ըլլայ, որ որպէս անհատ մեր թաղին մէջ, որպէս պետութիւն եւ որպէս մեծամեծ ժողովներու անդամներ, բնապահպանական պայքարը մղենք ժողովրդային  մակարդակով եւ հորիզոնական յանձնառութեամբ, չսպասելով վերէն գալիք կախարդական լուծումներ:

Ա՛յս մասին կը մտածէի, երբ կը թափառէի Պուրճ-Համուտի (Լիբանանի) փողոցներուն մէջ, ուր ամէն բնակիչ կարծէք ինքզինք նուիրած է ապականելու եւ աղբ արտադրելու գործին: Եթէ ամսուան մը ընթացքին, փողոցը, մայթերուն վրայ թափուած ծխիկները հաւաքեն եւ անոնցմով բուրգ մը շինեն Քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ, առեւտուր եւ շրջագայութիւնը կանգ կ՛առնեն… բայց թերեւս գիտակցական հրաշք կը պատահի:

 

Յ. Պ., 8 Փետրուար 2019

Պուրճ-Համուտ, Լիբանան