«Աւրորա»-ն Կը Շարունակէ Աջակցիլ Մատենադարանին

Հայաստան

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ Մատենադարանին` այս տարի $ 20 000 դրամաշնորհը պիտի ուղղուի հայկական գրչութեան կեդրոններու interactive  քարտէսի ստեղծման:

««Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հետ մեր համագործակցութիւնը անգնահատելի է: Այս նոր նախագիծով մենք պիտի ունենանք շատ օգտակար գործիք` interactive  քարտէզ, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի պատկերաւոր ներկայացնել հայ գրչութեան կեդրոնները, որոնք բացառիկ նշանակութիւն ունեցած են հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին մէջ: Արդի արհեստագիտական լուծումները ամէնաարդիւնաւէտ միջոցն են` ներկայացնելու հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութիւնն ու անոր ազդեցութիւնը համաշխարհային մշակոյթի գանձարանին»,- ըսած  է Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեան:

Մէկ հպումով Մատենադարանի իւրաքանչիւր այցելու պիտի կարենայ ճանապարհորդել պատմութեան մէջ եւ տեսնել գրչութեան տասնեակ կեդրոններու զարգացումը:

 Առանձին պատուհանով պիտի բացուին գրչութեան կեդրոններու պատկերները եւ անոնց մասին մանրամասն տեղեկութիւններ` հակիրճ պատմութիւնը, աշխարհագրական դիրքը, վանական համալիրի ճարտարապետական բնութագիրը, թէ ուր գտնուած է տուեալ կեդրոնը: Առանձին պատուհաններով պիտի տրամադրուի նաեւ ձեռագրերի մասին տեղեկութիւններ` վերնագիր, ժամանակաշրջան, գտնուելու վայր, գրիչի եւ մանրանկարիչի անուններ, վիճակագրական տուեալներ եւայլն:

 «Ուրախ ենք շարունակել մեր համատեղ աշխատանքը Մատենադարանի հետ, ուր հսկայական քանակութեան հայկական ձեռագիրներ կը պահուին: Այս ձեռագիրները պատուհան կը բանան դէպի հայկական մտքի եւ Արեւմտեան աշխարհի պատմութիւն: «Աւրորա»-ն կարեւոր կը նկատէ հայերու անցեալն ու ներկան համաշխարհային զարգացման ծիրէն ներս ներկայացնելը: Այս նախագիծը եւս կը ծառայէ այդ գործին` բացի պահպանումէն, հեշտացնելով անոնց բազմակողմանի ներկայացումը»,- նշած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Վարդան Գրիգորեան:

 «Աւրորա»-ն արդէն չորրորդ դրամաշնորհը կը տրամադրէ Մատենադարանին` յիշողութեան պահպանման Armenian Memory Act նախագիծի ծիրէն ներս: 2015-ի դրամաշնորհով հիմնարկը հնարաւորութիւն ստացած է ձեռք բերել ձեռագիրներու թուայնացման յատուկ սարքաւորում:

 2016-ին տրամադրուած դրամաշնորհով Մատենադարանի տասը ուշխատողներ վերապատրաստուած են Գերմանիոյ մէջ:

2017-ին դրամաշնորհով Մատենադարանը կազմակերպած է 50-էն աւելի դասախօսութիւններ:

Մատենադարանին մէջ աշխատողներուն համար կը պատրաստուի  նաեւ գորքոյկ: