Արժէքապահպան Նոր Աշխատանքներու Մեկնարկի Հրամայականը (ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Եւ Համազգայինի 90-ամեակին Առիթով)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Հաւանաբար աշխատանքային առումով համադրութիւն մը չէ կատարուած ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի յաջորդաբար 100-ամեակի եւ 90-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնները Լիբանանի մէջ կազմակերպելու առումով:

Բնական մղումով մը մարմնակրթական եւ կրթամշակութային համահայկական մեծագոյն կազմակերպութիւնները իրենց յոբելենական տարուան նշումները սկսան Երեւանով եւ կ՛աւարտեն Լիբանանով:

Մեկնարկ-փակումի յոբելենական այս տօնակատարութիւնները արդէն իրենց աշխարհագրական վայրերու ճշդութեամբ կարեւոր ուղերձներ կը փոխանցեն: Դաշնակցութեան ուղեկից կազմակերպութիւններ սփիւռքի մէջ գործած են ու կը շարունակեն գործել գերակայ նպատակի մը համար, որ հայրենիք յղացքով կը սահմանուի եւ որուն հզօրացման համար անմնացորդ կ՛աշխատին համահայկական միութիւնները` իրենց աշխարհատարած կառոյցներով:

Կազմակերպուածութեան բարձր մակարդակ, Երեւանի մէջ աշխարհատարած կառոյցի ներկայացուցիչներու, սկաուտներու, մարզիկներու համախմբում, միւս կողմէ` հայրենի մշակոյթի դէպի սփիւռք արտահանման թէ միջազգային շրջանակներու մէջ ճանաչելիութեան ենթահող պատրաստելու եւ ընդհանուր հաշուով հայրենիք-սփիւռք մշակութային միացեալ հարթակներ ձեւաւորելու ուղղութիւններով ՀՄԸՄ-ն ու Համազգայինը իրենց յոբելենական ձեռնարկներու մեկնարկումին ազդանշանը տուին Երեւանէն: Այդ համախմբումները առիթ էին նաեւ անցած ուղին արժեւորելու եւ մանաւանդ հետագայ գործունէութեան համար ճշդուած ուղիները լուսարձակի տակ բերելու:

Եւ խորքին մէջ այս ուղղութիւններով հաստատուած կամուրջները, ըստ էութեան ամէնէն կայուն, ամէնէն ագուցող, համատեղող միջոցներն են համահայկական  մշակոյթ ստեղծելու, ազգային պարունակով համահայկական կրթական քաղաքականութեան հիմնական դրոյթները բանաձեւելու, բայց նաեւ երիտասարդ զանգուածներու մտածողութիւնը դէպի հայրենիք ուղղորդելու, հայրենի հողին վրայ համախմբուելու եւ մարզական թէ սկաուտական տարազներով ազգային գաղափարախօսութեան դաւանանքները հայ երիտասարդին համար արժեհամակարգայնացնելու:

Դասական առումով երկու միութիւններն ալ սփիւռքի մէջ հիմնականին մէջ աշխատանքային թիրախ ունեցած են իրերայաջորդ սերունդներու մօտ հայապահպանման աշխատանքները: Ժամանակի ընթացքին հայապահպանութիւնը կրաւորական, որոշ առումով նաեւ պարտուողական (եղածը պահպանելու) իմաստ ստացած է: Պահպանելուն առընթեր զարգացումը, նորի կերտումը, հետեւաբար հայկական նոր իրականութեան հետ համարկուելու, նոր պայմանները հաշուի առնելով նոր իրավիճակներ ստեղծելու հրամայականը ինքզինք զգալի դարձուցած է ամէն պահու:

Համաշխարհային ալիքի վրայ արժէքներու համահարթեցման եւ արժէքներու վերասահմանումի միտումները հասկնալիօրէն հատած են մեր հայրենիքի սահմանները եւս: Այնտեղ նաեւ արժէքային համակարգի վերասահմանումներ տեղի կ՛ունենան, ոչ թէ անպայման էականը պահպանելով նորերը որդեգրելու, այլ նորի նուաճումի արշաւին անարգել ընթացք ապահովելու համար նախ հինը չէզոքացնելու կամ քանդելու:

Հինի ու նորի արուեստական պայքարին մէջ կը թիրախաւորուին հոգեւորն ու ազգայինը, կրթական ու մշակութայինը, գաղափարախօսականն ու դաստիարակչականը: Մէկ խօսքով` դասական արժեհամակարգի հիմնադրոյթները:

Սփիւռքեան ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ հայապահպանման կամ պահպանման գերազանց միջոցներու դիմած եւ նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ իրագործումներ ապահոված մեր միութիւնները իրենց համահայկական առաքելութեան մէջ նաեւ հայրենիքի մէջ արժէքներու պահպանման համար նոր գործառոյթներ ստանձնելու հրամայականին առջեւ են:

Անոնք վերջին շրջանին կարողացան գաղափարախօսական առումով դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն կեդրոնացնել իրենց համամիութենական աշխատանքները: Հիմա, կը թուի այն փուլն է, որ ազգային դիմադրողականութեան համակարգի յաւելեալ արմատաւորման համար իրենց նպաստը բերեն բոլոր այն ճիգերուն, որոնք հայրենիքի մէջ տեսանելի կը դառնան համահարթեցման մեքենականութիւններուն դէմ:

Լիբանանի մէջ վարագոյրը կ՛իջնէ ու պիտի իջնէ ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի յոբելենական տօնակատարութիւններուն: Նախընթաց բոլոր իրականութիւնները նկատի ունենալով` Լիբանանէն պիտի մեկնարկեն նաեւ արժէքապահպան համամիութենական առաքելութեան համար նոր գործառոյթներու ճշդման եւ գործադրութեան համահայկական բնոյթի աշխատանքները: